«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի խօսափող համարուող թրքական «Sabah» թերթի կայքի տեղեկացումով` Անգարան 24 Ապրիլին ընդառաջ գաղտնի դիւանագիտութիւն կը վարէ ԱՄՆ-ին հետ, որովհետեւ անհանգստացած է Ուաշինկթընէն ստացած ազդակներէն։ Թուրքիոյ մէջ լուրեր շրջանառուած են, որ ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընը հաւանաբար 24 Ապրիլին կիրառէ Հայոց Ցեղասպանութիւն արտայայտութիւնը: Ըստ թրքական կայքին, նախորդ շաբաթ Թուրքիոյ նախագահի մամուլի խօսնակ Իպրահիմ Քալըն հանդիպած է ԱՄՆ նախագահի անվտանգութեան հարցերու խորհրդական Ճէք Սալիւանին հետ եւ ներկայացուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով Թուրքիոյ 4 վերապահումները: Քալընի պնդումով, կատարուածը ցեղասպանութիւն կոչելու համար իրաւական հիմք չկայ. անոր համար անհրաժեշտ է դատարանի որոշում, ինչպէս Ռուանտայի եւ Սրեպրենիցայի պարագաներուն եղած են: Ան երկրորդ կէտով Սալիւանին յիշեցուցած է, որ ցեղասպանութիւն եզրոյթը շրջանառութեան մէջ դրուած է 1948-ին` ակնարկելով, որ այդ եզրոյթը ամրագրած ՄԱԿ-ի համաձայնագիրը չի կրնար յետադարձ ուժ ունենալ: Թուրքիոյ միւս մտավախութիւնը ներկայացնելու ընթացքին, Էրտողանի խօսնակը շեշտած է, որ Պայտընի կողմէն «Ցեղասպանութիւն» բառի կիրառումը հարցեր պիտի ստեղծէ ԱՄՆ-Թուրքիա յարաբերութիւններուն մէջ: ԱՄն-ը այդ քայլէն ետ պահելու համար Թուրքիա վերջին յոյսի փրփուրներէն կառչած է: Կայքի փոխանցումով, Քալըն յայտնելով, որ Կովկասի մէջ նոր կարգ հաստատուած է, հետեւեալ ուղերձը յայտնած է. «Մենք կ’ըսենք` Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորենք: Կ’ըսենք. «Եթէ անոնք (հայերը) ճիշդ քայլ առնեն, տեսէք մենք ալ դարպասները կը բանանք»: Նման ժամանակահատուածով, եթէ դուք ցեղասպանութիւն բառը կիրառէք, կը նշանակէ` Կովկասի ամբողջ գործընթացը սպառնալիքի կ՚ենթարկէք»: