Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, թէ Չորեքշաբթի, 7 Ապրիլ 2021-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցելութեամբ հասած է Ռուսիա եւ Քրեմլինի մէջ հանդիպում ունեցած Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին հետ: Նիկոլ Փաշինեան իր խօսքին մէջ ըսած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու ներկայութիւնը կարեւոր գործօն է շրջանին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան համար` աւելցնելով, որ այս ծիրին մէջ յոյս ունի Ռուսիոյ նախագահին հետ քննարկելու Լեռնային Ղարաբաղի, անոր շուրջ, Հայաստանի եւ ընդհանուր առմամբ շրջանին մէջ անվտանգութեան համակարգի կառուցման վերաբերեալ Փութինի տեսլականը: Փաշինեան ըսած է, թէ Ռուսիոյ նախագահին հետ պիտի քննարկէ յատկապէս հայ-ռուսական միասնական զօրախումբի եւ հակաօդային միասնական համակարգի գործունէութեան հետ կապուած որոշ պատկերացումներ: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է նաեւ, որ Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու հարցը լուծելու առումով Հայաստանի ու Ռուսիոյ ղեկավարներուն միջեւ տարընթերցումներ չկան: Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին իր խօսքին մէջ նշած է, որ շրջանին մէջ ամէնէն կարեւոր բաղադրիչը առեւտրական-տնտեսական կապերու եւ փոխադրական ուղիներու, ճամբաներու վերականգնման կարելիութիւնն է, որպէսզի Հայաստանը զարգացման համար նոր առիթներ ունենայ: