Շաբաթ, 10 Ապրիլ 2021-ին, Սուրիոյ վարչապետ Հուսէյն Արնուս Սուրիոյ կառավարական պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ Հալէպ պաշտօնական այցելութեան ընթացքին Հալէպի նահանգապետարանին մէջ ընդլայնուած նիստ մը գումարեց՝ Հալէպի ժողովուրդին առօրեային հետ առնչուող ծառայողական կարգ մը հարցերու լուծման շուրջ։
Նիստին հրաւիրուած էին Հալէպի պետական մարմիններու ներկայացուցիչները, երեսփոխանները, քրիստոնեայ եւ իսլամ հոգեւոր պետերը եւ գործարարներ։
Նիստին Հալէպի Քրիստոնեայ պետերը կը ներկայացնէին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ.Եպս. Զօպուեան եւ Մարոնիտ Համայնքի Առաջնորդ Մար Ճոզէֆ Թոփճի։ Նիստին ներկայ էին նաեւ Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններ Ժիրայր Րէիսեան եւ դոկտ. Լիւսի Իսկէնեան։
Ժողովին ընթացքին, վարչապետը իրատեսական վերլուծումներով պարզեց երկրի եւ Հալէպ նահանգի դժուարութիւններու յաղթահարման կարելիութիւնները եւ յոյս ներշնչեց ներկաներուն։
Վարչապետը եզրափակելով ըսաւ. «Յոյսով ենք, որ Հալէպի գործարարները մեզ կ’աջակցին այլընտրանքային ջերմուժի գծով ներդրումներ կատարելով, թէկուզ չնչին տոկոսով։ Մենք, մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ, պիտի չթերանանք Հալէպ նահանգին հանդէպ մեր պարտաւորութիւններուն մէջ։ Հալէպ ելեկտրականութեան իր բաժինը ամբողջութեամբ պիտի ստանայ, հակառակ անոր որ ամբերի դրութիւնը պիտի շարունակուի։ Հալէպի մէջ ելեկտրականութեան երկարատեւ անջատման պատճառը ամբերները չեն, այլ կայանին թերի ընթացքն է, որ պիտի բարելաւուի»։