Երբ կը մէկտեղուին գրական-երաժշտական յայտագիրները, մտերմիկ մթնոլորտն ու գրասէր հանրութիւնը  սրահի մը մէջ, գոհունակութեան կողքին մեր հոգիները կը սնանին հայ մշակոյթի գոհարներով: Ոգեղէն մեր հարըստութիւններն ալ իրենց դերը ունին հայերուս գոյութեան մէջ, մեզ կը դարըձնեն իմաստուն, խաղաղասէր, մարդկային արժէքները փայփայող էակներ:
Համազգայինն է կրկին, որ այս արժէքները բեմ հանելով մեզի կ’ուղղէ, մեր մէջ կը սրսկէ անոնց կենարար աւիշը:
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ գերշ. Տ.Մասիս Ս.Եպս Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան»  Մասնաճիւղի Գրական Յանձնախումբին, 27 Մարտ 2021-ին «Սէրը Հայ Գրականութեան մէջ»  խորագիրով գեղարուեստական ձեռնարկը տեղի ունեցաւ  ԱՄԺ Տան «Անի» ճաշասրահէն ներս:
Ճաշասրահի մթնոլորտը իր յարդարումով, հնչող մեղմիկ երաժշտութեամբ եւ մտերմիկ մարդոց հանդիպումով կարծէք ըլլար տարբեր աշխարհ մը, զոր կարօտցած էինք՝ համաճարակին բերումով զրկուած ըլլալով նման հաւաքներէ: Յարդարուած սեղանները՝ գինիի բաժակներով եւ պիստակեղէնով կը հրաւիրէին ներկաները իրենց շուրջ տեղաւորուելու:
Իսկապէ՛ս ալ կարիքը ունէինք անջատուելու մեր առօրեայ դժուարութիւններէն ու մտահոգութիւններէն, հրամցուած քերթուածներով ու երգերով դեգերելու հայ գրականութեան ու երաժշտութեան սիրոյ պուրակներուն մէջ:
Համազգայինի նուագախումբին երաժշտական բացման կատարումէն ետք, օրուան բեմավարներ Սեւանայ Հալլաճեան եւ Ժիրայր Կարապետեան երեկոն բաց յայտարարեցին: Գրական սիրային հատընտիրներ Պարոյր Սեւակէն, Վահան Թէքէեանէն եւ Ալիսիա Կիրակոսեանէն ասմունքեցին  Ռիթա Կաղեան- Տիքպիքեան, Սեւանայ Հալլաճեան, Վեհան Պարսումեան եւ Մելինէ Պեզճեան: Ներկաները քար լռութեամբ կը հետեւէին:  Ասմունքողները կրցան հրաւիրեալներուն հոգիները համակել սիրոյ եւ երջանկութեան զգացումներով, հայերէնի հնչեղ բառերով ոստոստելով սիրտէ-սիրտ, հոգիէ-հոգի:
Համազգայինի Երաժշտական Յանձնախումբը հրամցուց Վ.Տէրեանի, Ս.Կապուտիկեանի եւ հայ այլ գրողներու սիրային երկերուն վրայ հիմնուած երգեր: Իրենց քաղցրահնչիւն ձայնով մեներգեցին՝ Պերճ Գասապեան, Դալար Մաթոսեան, Լիւսի Յովհաննէսեան եւ Կասիա Պաղտիկեան: Իւրաքանչիւր բանաստեղծութիւն կեանք առաւ նաեւ պարբերաբար հրամցուող հեզաճկուն պարերով: Համազգայինի «Սարդարապատ» պարախումբէն Մարալ Ղազարեան, Նարօտ Պարսումեան, Սեսիլ Պազարպաշեան եւ Նանոր Մարտիկեան նազանի շարժումներով արուեստի պատկերը ամբողջացուցին:
Այնուհետեւ Թամար Քէօշկէրեան ընթերցեց Դանիէլ Վարուժանի եւ Ռուբէն Սեւակի սիրային նամակներէն, պարզելով անոնց մարդկային նուրբ գիծերը եւ անկեղծ սէրը: Իսկ Սոնա Չալօղլեան հակիրճ ընթերցումով ներկայացուց սէրը Զահրատի եւ Մաթէոս Զարիֆեանի գրականութեան մէջ:
Գինին հաճելի առիթներու եւ ուրախ պահերու ընկերակիցն է մարդուն, ուստի բեմավար Սեւանան ներկաները հրաւիրեց կենաց խմելու՝ համայն աշխարհի ու մարդկութեան խաղաղութեան եւ առողջութեան համար, մաղթելով բոլորին յաջող, կենսուրախ եւ սիրով լի օրեր:
Իսկապէ՛ս, այս ջերմ մթնոլորտին մէջ միասնաբար կենաց խմելէն լաւ ի՞նչ կար, մաղթանքները միացան ու երիզ կապեցին սրահի ողջ երկայնքին՝ դրական ներգործութիւն ունենալով իւրաքանչիւրին վրայ:
Դադարին Համազգայինի Տիկնանց եւ Ընկերային յանձնախումբերու կողմէ հիւրասիրութիւն կատարուեցաւ:
Այս երեկոն Համազգայինի «Ն.Աղբալեան» Մասնաճիւղի բոլոր յանձնախումբերու միասնական աշխատանքին արդիւնքն էր, որ յաջողութեամբ պսակուեցաւ ու ժպիտ ուրուագծեց պարտասած դէմքերուն վրայ:
Աւարտին բեմ հրաւիրուեցան ձեռնարկի մասնակից համազգայնականները՝ ասմունքողներ, մեներգողներ, պարողներ եւ նուագախումբի անդամներ: Յիշենք, որ Համազգայինի նուագախումբի ղեկավարն էր Ռաֆֆի Պալեան, իսկ նուագողներն էին.- երգեհոն՝  Ռաֆֆի Պալեան եւ Ժէնի Նաճարեան, կիթառ՝ Ճորճ Պէրպէրեան, սաքսիֆօն եւ պաս կիթառ՝  Ժագ Պոզեագալեան, հարուածային գործիքներ՝ Անդօ Գոզաքճեան, ֆլիւթ՝ Շողեր Քէրպապեան, ձեռնադաշնակ՝ Միհրան Աշակերտեան եւ ջութակ՝ Շողեր Տէր Յովհաննէսեան:
Այս մթնոլորտէն բաժնուիլը ցանկալի չէր: Ներկաները չյագեցան հրամցուած յայտագիրէն, յուսալով, որ Համազգայինը նման երեկոներ յաճախ կազմակերպէ  ու հայ գրականութեամբ, երաժշտութեամբ ու պարով գունաւորէ մեր առօրեան:
Սեւանայ Հալլաճեան