Երկուշաբթի, 3 Մայիս 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ թրքական ուժերուն ենթակայ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ Հալէպի արուարձանի «ալ Պուրճ» գիւղին դէմ յարձակում գործեցին եւ փորձեցին հողատարածքներ եւ շէնքեր իրենց հսկողութեան տակ առնել։ Բնակիչները դէմ դրին յարձակումին եւ բախումներ տեղի ունեցան անոնց եւ զինեալներուն միջեւ, որոնք անըլ կացութեան մատնուելով սկսան հրթիռներ արձակել բնակիչներուն ուղղութեամբ։
Այս բոլորին հետեւանքով բնակիչներէն մէկը զոհուեցաւ եւ 2 ուրիշներ վիրաւորուեցան։