ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակը պարբերաբար կը հրապարակէ Հայ Դատի Յանձնախումբերու ու գրասենեակներու գործունէութեան ամփոփագիրներ, որոնք լրատուամիջոցներուն, հասարակական լայն շրջանակներուն, մասնագիտական ու քաղաքական հանրոյթներունկարելիութիւն կու տան կեդրոնացած եւ հաւաստի տեղեկատուութիւն ստանալու ՀՅԴ Հայ Դատի համաշխարհային ցանցի գործունէութեան մասին, իրազեկ ըլլալու սփիւռքի քաղաքական գործունէութեան ընթացիկ արդիւնքներուն եւ առաջադրուած հարցերուն: Վերջին տասնօրեակին Հայ Դատի Համաշխարհային ցանցի քաղաքական աշխատանքները ճնշող մեծամասնութեամբ պայմանաւորուած էին Հայոց Ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցով: Այս առումով, ԱՄՆ գործադիր իշխանութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը Հայ Դատի մօտաւոր 77 ամեայ պատմութեան կարեւորագոյն ձեռքբերումներէն էր, որ յաղթական հանգրուան ըլլալէն բացի, միաժամանակ Հայկական հարցի հետապնդումի առումով նոր ուղիի մեկնարկ է: Հայոց Ցեղասպանութեան հերթական տարելիցը տարբեր ձեռնարկներով ոգեկոչուած է ՀՅԴ Հայ Դատի բոլոր յանձնախումբերու ու գրասենեակներու կողմէն: 19-30 Ապրիլ ժամանակահատուածին ՀՅԴ Բիւրոն եւ Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդը տարածած են համապատասխանաբար մէկ եւ երկու յայտարարութիւններ: Դաշնակցութեան Բիւրօն առանձին յայտարարութեամբ ողջունած է ԱՄՆ նախագահի քայլը, նկատելով, որ «Փաստօրէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները անցաւ աբազմաթիւ երկիրներու շարքը, որոնց ոչ միայն օրէնսդիր, այլ նաեւ գործադիր իշխանութիւնները ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը»: Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը 23 Ապրիլի իր յայտարարութեամբ անդրադարձած է վերջին շրջանին Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան գործողութիւններուն եւ յայտարարութիւններուն` արձանագրելով. «Ատրպէյճանի կողմէն հայ ռազմագերիներու շարունակական ազատազրկումը, անոնց նկատմամբ անմարդկային վերաբերմունքը, քաղաքական առեւտուրի համար օգտագործելու փորձերը, Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ բացայայտ յաւակնութիւնները, մեր ժողովուրդի կեանքի իրաւունքի հանդէպ ոտնձգութիւնները, ինչպէս նաեւ թուրք-ատրպէյճանական բարձրագոյն մակարդակէն հնչած սպառնալիքները կու գան փաստելու հայ եւ ատրպէյճանցի ժողովուրդներու միջեւ շարունակական թշնամանք երաշխաւորելու` ատրպէյճանաթրքական հեռահար նպատակը»: 26 Ապրիլին, նկատի առնելով «Ժողովուրդներու Դեմոկրատական Կուսակցութեան» (HDP) ղեկավար անդամներու նկատմամբ թրքական իշխանութիւններուն լայնածաւալ բռնաճնշումներն ու քաղաքական գործունէութեամբ պայմանաւորուած ապօրինի քրէական գործերու յարուցումը` ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը դատապարտած է թրքական իշխանութիւններու գործողութիւնները եւ համերաշխութիւն յայտնած է HDP կուսակցութեան: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբը մինչեւ վերջին պահը շարունակեց հսկայական եւ համակարգուած աշխատանք տանիլ Սպիտակ տան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ: Յանձնախումբի գործողութիւններուն շնորհիւ ԱՄՆ Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի հայկական յանձնախումբը նախաձեռնած էր երկկուսակցական ստորագրահաւաք` ԱՄՆ նախագահ Պայտընին կոչ ուղղելով 24 Ապրիլի ուղերձով ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ստորագրահաւաքը նախաձեռնած էին յայտնի քոնկրեսականներ եւ մեր ժողովուրդի մեծ բարեկամներ Ատամ Շիֆ, Կուս Պիլիրաքիս, Ֆրենք Փալօն, Տեյուիտ Վալատաոն, Ճէքի Սփեյերը: 22 Ապրիլին պարզ յստակացաւ, որ երկկուսակցական նամակին միացած են թիւով 107 քոնկրեսականներ: Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտած ու Սպիտակ տան կողմէ պաշտօնապէս ճանչնալու կոչերով հանդէս եկած են դաշնային, նահանգային ու տարածքային մակարդակներու հարիւրաւոր պաշտօնեաներ՝ Քալիֆորնիոյ նահանգապետը: ԱՄՆ Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատի եւ Ծերակոյտի մօտաւորապէս 5 տասնեակի հասնող անդամներ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին հանդէս եկած են հայ համայնքին յղուած ուղերձներով: Յատկանշական է, որ նախագահ Պայտընի կողմէն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումէն ընդամէնը 3 օր անց աւելի քան 65 քոնկրեսականներ ԱՄՆ Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատին կոչ ուղղեցին մօտաւորապէս 100 մլն տոլար հրատապ օժանդակութիւն տրամադրելու Հայաստանին եւ Արցախին` ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամը մեղմելու նպատակով: Հայաստանին այս օժանդակութեան տրամադրումը ներկայ փուլին Հայ Դատի Ամերիկայի Յանձնախումբի քաղաքական հիմնական առաջնահերթութիւններէն էր: Քանատա Հայ Դատի Քանատայի Յանձնախումբի աշխատանքները, բացի ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցի ձեռնարկներէն կեդրոնացած են նաեւ հայութեան շահերու պաշտպանութեան այլ ուղղութիւններու վրայ: Նախ, 22 Ապրիլին Քանատա-Արցախ միջխորհրդարանական խումբի ղեկավար, խորհրդարանական Ռեյչլ Յարդեր նամակով դիմած է Քանատայի արտաքին գործոց նախարարին, որպէսզի կառավարութիւնը դրդէ Ատրպէյճանին յարգելու միջազգային իրաւունքով ստանձնած պարտաւորութիւնները եւ անյապաղ ազատ արձակելու բոլոր հայ ռազմագերիները: Նոյն օրը Հայ Դատի Քեպեքի յանձնախումբը յայտնեց, որ նահանգի խորհրդարանը միաձայնութեամբ ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցը ոգեկեչող բանաձեւ, որուն բնագիրին մէջ ի թիւս այլնի, յղում կատարուած է նաեւ Արցախի հայութեան պատուհասած արիւնալի ոճրագործութիւններուն: Բանաձեւով Քեպեքի նահանգային խորհրդարանը կոչ ուղղած է Ֆրանսախօսներու Միջազգային կազմակերպութեան անդամ բոլոր երկիրներուն` իրենց աջակցութիւնը յայտնելու Հայաստանին: Խորհրդարանը իր աջակցութիւնը յայտնած է հայ ժողովուրդին` ճանչնալով խաղաղութեան եւ անվտանգութեան մէջ ապրելու վերջինիս իրաւունքը: Հայ Դատի Քանատայի Յանձնախումբը հանդիպում ունեցած է արտաքին գործոց նախարար Մարք Գարնոյի հետ. քննարկուած է դէպի Թուրքիա քանատական ռազմական նշանակութեան արտադրանքի արտահանման թոյլտւութիւններու չեղարկման հարցը եւ Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու հարցը: Յանձնախումբը վերահաստատած է Քանատա-Հայաստան կապերու ամրապնդումը, յետպատերազմեայ մարտահրաւէրներ լուծելու եւ Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութիւնն ու անկախութիւնը նպաստելու իր յանձնառութիւնը: Եւրոպա 1915-1923-ին Թուրքիոյ կողմէն իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցին առնչութեամբ ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի կեդրոնական յանձնախումբը, եւրոպական 13 երկիրներու մէջ գործող իր յանձնախումբերուն հետ, նամակ յղած է Եւրոպական Միութեան գործադիր իշխանութեան ղեկավարներուն եւ Եւրոպական Խորհրդարանի նախագահին` առաջարկելով ԵՄ-ի մէջ ընդունիլ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի պաշտօնական օր: Նամակը ուղարկուած է Եւրոպական Միութեան արքաքին եւ անվտանգային քաղաքականութեան բարձր ներկայացուցիչ Ժոզէֆ Պորելին, Եւրայանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Վոն Տեր Լայենին, Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլին, Եւրոպական Խորհրդարանի նախագահ Դաւիթ Սասօլիին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Անտրէ Վիքթորինին: Հայ Դատի Եւրոպայի Կեդրոնական Յանձնախումբը եւ իր տարածքային յանձնախումբերը շեշտած են այս տարուան ոգեկոչման նշանակութիւնը` յիշեցնելով 2020-ի աշնան Արցախի մէջ տեղի ունեցած ողբերգական պատերազմը, երբ բնիկ հայ բնակչութիւնը հերթականօրէն հետապնդուեցաւ Ատրպէյճանի եւ Օսմանեան կայսրութեան ուղղակի ժառանգորդ Թուրքիոյ կողմէ: Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակը 29 Ապրիլին ողջունած է արտաքին գործողութիւններու եւրոպական ծառայութեան նախօրէի յայտարարութիւնը, որով ԵՄ-ը հասցէականօրէն Ատրպէյճանին կոչ ուղղած է անյապաղօրէն ազատ արձակելու գերեվարուած անձերը` անկախ անոնց ձերբակալման հանգամանքներէն: Պաքուէն նաեւ պահանջուած է Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական դատարանին տրամադրել անհրաժեշտ տեղեկատուութիւնը, որ տակաւին չէ տրամադրած: Յունաստան Հայոց Ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցին առիթով, Յունաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս նամակ ուղարկած է ՀՅԴ Հայ Դատի Յունաստանի յանձնախումբին` զօրակցութիւն յայտնելու հայութեան, յայտնած թէ հայ ժողովուրդի բնաջնջումը հաւաքական եւ հետեւողական ոճիր էր: Մեծ Բրիտանիա Պաքուի մէջ բացուած այսպէս կոչուած »Ռազմական աւարի պուրակի» առնչութեամբ Հայ Դատի Մեծ Բրիտանիոյ յանձնախումբը բրիտանական լրատուական դաշտին մէջ տարածած է հաղորդագրութիւն, որով ներկայացուած է Ատրպէյճանի մէջ պետական ամենաբարձր մակարդակով խրախուսուող հայատեացութիւնն ու թշնամանքը: Մեծ Բրիտանիոյ կառավարութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը Լորտերու պալատին մէջ կրկին բարձրացուցած է մեր ժողովուրդի նուիրեալ բարեկամ պարոնուհի Քարօլայն Քօքս: Հոլլանտա ՀՅԴ Հայ Դատի Հոլլանտայի յանձնախումբի գործողութիւններուն հետեւանքով Հայոց Ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցին առիթով Եւրոպայի շարք մը նշանաւոր քաղաքական գործիչներ իրենց խօսքը ուղղած են` ոգեկոչելով ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակն ու զօրակցելով համայն հայ ժողովուրդին: