Չորեքշաբթի, 5 Մայիս 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ առաւօտեան ժամը 2:18-ին, Իսրայէլ օդային յարձակում գործեց Լաթաքիոյ հարաւ-արեւմտեան շրջանին վրայ, թիրախ դարձնելով շրջանի զինուորական կարգ մը կեդրոններ։ Սուրիական բանակի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին արձակուած հրթիռներուն եւ վար առին անոնց մեծամասնութիւնը։ ՍԱՆԱ աւելցուց, որ իսրայէլեան յարձակումին հետեւանքով քաղաքացի մը զոհուեցաւ, 6 վիրաւորներ եւ նիւթական բազմաթիւ վնասներ արձանագրուեցան։