Չորեքշաբթի, 5 Մայիս 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ 7-րդ օրն ըլլալով Հասիչէի մէջ ելեկտրականութիւնը անջատուած է՝ թրքական ուժերուն Եփրատի ամբարտակին Հասիչէի տրամադրած ջուր սեփականացնելուն հետեւանքով, հետեւաբար ամբարտակի ելեկտրածին կայանները աշխատանքէ դադրած են։ Հասիչէի ջուրի ընկերութեան տնօրէն երկրչփ. Անուար Աքլէ յայտնեց, որ ընկերութիւնը ներկայիս ամբողջովին կ՛օգտագործէ միայն «Սուէիտիէ» ելեկտրածին հաստատութեան տրամադրած ելեկտրականութան քանակը, որ օրական 40-50 մէկա տարողութեամբ ելեկտրականութիւն կը մատակարարէ հիւանդանոցներուն, փուռերուն, ջաղացքներուն եւ ջրամուղ կայաններուն, որպէսզի շարունակեն ժողովուրդին ծառայութիւն մատուցել։ Աքլէ աւելցուց, որ Հասիչէի ելեկտրականութեան բարելաւումը Եփրատի ամբարտակի ջուրի քանակին բարելաւումէն կախեալ է։ Այդ մէկը իրականանալու համար պէտք է թրքական ուժերը դադրին ամբարտակին ջուրը գողնալէ։