Երկուշաբթի, 31 Մայիս 2021-ին, «Ուաթան» հաղորդեց, որ Յունաստանէն, Հունկարիայէն եւ Սերպիայէն դիւանագէտներ Դամասկոս ժամանեցին եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին սուրիական կողմին հետ դիւանագիտական աշխատանքը վերսկսելու։ Դեսպանատուները վերաբացումը աւելի ուշ ընթացք պիտի առնէ, որովհետեւ աւելի մեծաթիւ դիւանագէտներու ժամանումը կը պահանջէ։
Աղբիւրը յայտնեց, որ Իտալիա համաձայնեցաւ սուրիացի դիւանագէտ նշանակել Ռոմայի մէջ, որպէս «FAO» պարենի եւ գիւղատնտեսութեան կազմակերպութեան ներկայացուցիչ։
Կիրակի, 30 Մայիս 2021-ին, Դամասկոսի իրաւաբաններու սենտիքան Կիպրոսի դեսպանատան հետ պայմանագրութիւն ստորագրեց Դամասկոսի Ապու Ռմմանէ շրջանին մէջ շէնք մը տրամադրելու կիպրոսեան կողմին, որպէս Դամասկոսի մէջ Կիպրոսի դեսպանատան կեդրոն։