30 Մայիսին  «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Ռոպերթ Քոչարեան եւ դաշինքի ներկայացուցիչ, ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան հանդիպած են Արարատի մարզի բնակիչներուն հետ:

«Պէտք է փորձենք որակեալ աշխատանք տանիլ, իւրաքանչիւրս իր մասով, մենք` շտապի մէջ, դուք` այստեղ, տեղւոյն վրայ: Մենք գիտենք` որքան բարդ աշխատանք է դաշտային աշխատանքը: Ընտրական գործընթացի այս երկու թեւերը արդիւնաւէտ աշխատելու պարագային մենք կ’ունենանք այն արդիւնքը, որ կ’ուզենք: Այս իշխանութեան մնացած է 22 օր», ըսած է նախագահ Քոչարեան` աւելցնելով, որ դաշինքի` տարբեր մարզերու մէջ ունեցած հանդիպումները նոր լիցք ու ուժ  կը հաղորդեն:

«Սա պայքար է: Իւրաքանչիւր մարտէ առաջ, երբ զինուորի աչքերուն կը նայէինք, կը հասկնայինք` պիտի յաղթե՞նք, թէ` ոչ: Նոյնը այս պայքարին մէջ է: Մարդոց աչքերէն կ’երեւի, թէ ինչ վճռականութեամբ  անոնք  լեցուած են, ինչ համոզունքով կ’երթան պայքարի», աւելցուցած է Ռոպերթ Քոչարեան:

Հանդիպումի ընթացքին հնչած են  շարք մը հարցեր` կապուած կրթական համակարգին, ոռոգման ջուրերուն, հանրութեան բարոյահոգեբանական վիճակին, պատերազմի հետեւանքով Արցախէն փախստական դարձածներու ընկերային հարցերու մասին:

«Անրհաժեշտ է երկրի ընդհանուր միջավայրը փոխել, որովհետեւ մեր մօտ նեարդային մթնոլորտ կը տիրէ: Պէտք է փորձենք հանգստութիւն բերել մեր հասարակութեան: Վերջերս Մոսկուայի մէջ ինծի գիրք  նուիրած են, տակաւին չեմ հասցուցած կարդալ, բայց վերնագիրին նայեցայ` «Нервные государства»: Առաջին ցանկութիւնս էր վերնագիրին տակ գրել` Հայաստան, որովհետեւ Հայաստան այսօր  այդ վիճակի մէջ է, եւ սա լաւ վիճակ չէ: Մենք այսօր կը մասնակցինք ընտրութիւններուն, որ երկիրը հանենք այս վիճակէն, որովհետեւ նման իրավիճակին մարդ կը դառնայ անտրամաբանական, կը սկսի չընկալել եւ չընդունիլ տրամաբանական բաներ: Պէտք է հանգստութիւն բերենք: Մարդոց մօտ  շփոթութիւն  կ’առաջանայ, որ ամէն քաղաքացի չի կրնար յաղթահարել: Այս ջղայնութիւնը կու գայ վերէն` երկրի ղեկավարութենէն», հանրութեան հոգեբանական վիճակին վերաբերող հարցին ի պատասխան` ըսած է Ռոպերթ Քոչարեան: