ՀՅԴ «Ս. Թէհլիրեան» Կոմիտէի Տեղեկատուական Մարմինը կը հաղորդէ, որ տօնական տրամադրութիւններէ ամբողջովին հեռու, մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին համար օրհասական պայմաններու մէջ, 28 Մայիսի 2021-ին, թորոնթոհայութիւնը առցանց նշեց Հայաստանի Անկախութեան 103-ամեակն ու Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան հիմնադրութեան 103-ամեակը։

Ձեռնարկը հովանաւորուած էր ՀՅԴ «Սողոմոն Թէհլիրեան» Կոմիտէութեան կողմէ եւ կազմակերպուած ՀՄԸՄ Թորոնթոյի կողմէ:

ՀՄԸՄ Թորոնթոյի խօսքը փոխանցեց Սեւան Հաճիարթինեան, որ ըսաւ թէ գեղեցիկ զուգադիպութիւն է եւ պատիւ՝ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութիւնը տօնել Հայաստանի ԱՆկախութեան առընթեր, որովհետեւ մեծ է ու գերգնահատելի՝ 103-ամեայ ՀՄԸՄ-ին ունեցած դերակատարութիւնը` ոչ միայն սկաուտական եւ մարմնակրթութեան կռուան ըլլալու մէջ, այլ նաեւ 103 տարի շարունակ հայապահպանումի եւ հայ անհատի ֆիզիքական եւ բարոյական դաստիարակութիւն ջամբելու, եռագոյն դրօշն ու հայրենիքի սէրը եւ ամէն գնով ազգային դիմագիծն ու ինքնութիւնը պահպանելու իրերայաջորդ սերունդներուն հոգիներուն մէջ:

Հաճիարթինեան յուշեց, որ ծառայութեան ճամբուն վրայ ՀՄԸՄ Հայաստանին ներկայացուցած է իր լաւագոյն տարրերը, որոնք կը յաջողէին գաղթական, որբ ու թշուառ պատանիներէն ստեղծել «Կամաւոր բանակ»ը հայոց նորագոյն պատմութեանշ աւելցնելով, որ Արցախեան վերջին գոյապայքարին ՀՄԸՄի «Կամաւոր բանակ»ը դարձեա՛լ պատնէշի վրայ էր եւ տուաւ 12 նահատակ, որոնց յիշատակին 12 ծառեր տնկուեցան ՀՄԸՄ-ի բիւրականի բանակավայրին մէջ։

ՀՅԴ «Ս. Թէհլիրեան» Կոմիտէի խօսքը փոխանցեց Տոքթ. Խաժակ Գուլաճեան:

Ապա, ազգային եւ յեղափոխական երգերով ելոյթ ունեցան Սերոբ Յակոբեան, Յարութ Պետրոսեան, Յարութ Զէնեան եւ Յովիկ Մանուշեան, նուագակցութեամբ Վրէժ Ղազարեանի, Գէորգ Մանուկեան եւ Յովիկ Կարապետեանի:

Ձեռնարկը փակուեցաւ Սարդարապատ Յաղթերգով: