Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան շնորհաւորական նամակ մը յղեց Սուրիոյ վերընտրուած նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ Ասատին, ուր յայտնեց. «Թեմի ժողովականութեան, ժողովուրդին անունով եւ անձնապէս ջերմօրէն կը շնորհաւորեմ ձեզ՝ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան նախագահ վերընտրուելու առիթով:
Կը հաւատանք, որ Սուրիան, ձեր ղեկավարութեան ներքոյ,  իր ժողովուրդով եւ բանակով պիտի յաղթահարէ բոլոր դժուարութիւնները եւ քայլ առ քայլ յառաջանայ ու բարգաւաճի:
Այս առիթով, մեր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնենք Ձեզ, Սուրիոյ պետականութեան եւ բանակին։ Մեր  պատրաստակամութիւնը կը յայտնենք Սուրիոյ ժողովուրդի բոլոր տարրերուն հետ ձեռք-ձեռքի տալով միասնաբար նուիրուելու Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան վերականգնումի եւ բարգաւաճման գործին:
Թող Ամենակալ Աստուած  օրհնէ Ձեզ եւ  պարգեւէ առողջութիւն, համբերութիւն եւ  կորով, որպէսզի նոյն վճռակամութեամբ ու դիւանագիտական հմտութեամբ շարունակէք երկրի ղեկավարութիւնը եւ ժողովուրդին դիմադրողական ոգին եւ աշխատանքի ուժը կրկնապատկէք»: