«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ  արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն «Անթալիոյ դիւանագիտական ֆորումի» ընթացքին պատասխանած է ղարաբաղեան հիմնահարցի մասին  ատրպէյճանցի լրագրողի հարցումին:

«Ատրպէյճանի հողերը 30 տարի բռնազաւթուած էին, եւ Ատրպէյճանի բանակը իր սեփական հողերը 40 օրէն աւելի տեւած պայքարով ետ վերադարձուցած է: Ատրպէյճանը երկար տարիներ  համբերած է այս հարցը դիւանագիտական ճամբով լուծելու համար, սակայն, ցաւօք, այդ նպատակով ձեռնարկուած նախաձեռնութիւններէն որեւէ մէկը բաւարար չէ եղած: Հարցը վերածուած է սառեցուած հակամարտութեան: Բնականաբար, Ատրպէյճանի համբերութիւնը անսահման չէր, եւ եղաւ,ինչ անհրաժեշտ էր: Այժմ Ատրպէյճանը իր հողերը ետ  առած է եւ անհրաժեշտ է, որ բոլորը յարգեն Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը»:

«Հարաւային Կովկասի մէջ տարածաշրջանային խաղաղութեան համար կարելիութիւններ» խորագիրով աշխատաժողովի մասին խօսելու ընթացքին Չաւուշօղլուն յայտնած է, որ իրենք կը փափաքին Հարաւային Կովկասը դառնայ կայունութեան եւ խաղաղութեան տարածաշրջան: Անոր համաձայն,  ամենաշատ օգտուողը Հայաստանը եւ Հայաստանի ժողովուրդը պիտի ըլլայ, որովհետեւ Հայաստանը տարիներ շարունակ ինքն իրեն մեկուսացուցած է, օտարացած է հարեւաններէն:

«Յոյս ունիմ, Հայաստանը այս ամէնէն դաս կը քաղէ, եւ տարածաշրջանի մէջ կը տիրէ խաղաղութիւն ու կայունութիւն, որու մթնոլորտին մէջ պիտի ըլլայ նաեւ տնտեսական զարգացում եւ բարօրութիւն. կեանքի պիտի կոչուին կարեւոր նախագիծեր: Այս պահուն կան կարեւոր նախագիծեր` ինքնաշարժային ճամբաներ, երկաթուղիներ, առեւտուր, բեռնափոխադրումներ եւ տրամաբանական հարցումներ, որոնք պիտի քննարկուին»:

Չաւուշօղլուն նաեւ յայտնած է, որ յիշեալ աշխատաժողովին պիտի մասնակցին Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարները: Անոր խօսքին համաձայն, Հայաստանէն ալ ներկայացուցիչներ հրաւիրուած են, աշխատաժողովին պիտի մասնակցի հայկական ծագումով  մտաւորական մը: