Արցախի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Վահրամ Բալայեանի խօսքին համաձայն՝ ներկայիս Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յաղթողի դիրքով կը խօսի Լեռնային Ղարաբաղի մասին, հակառակ որ նոյն բանը արդէն երեսուն տարիէ` կը կրկնէ։ Ան Tert.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին նման դիտարկում ըրաւ՝ անդրադառնալով Ատրպէյճանի նախագահի յայտարարութիւններուն, որ Լեռնային Ղարաբաղ տարածքային միաւոր չկայ, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցը այլեւս լուծուած է։ «Իսկ թէ ինչ ճամբով կ’ընթանայ հարցին կարգաւորումը, տակաւին յստակ չէ։ Ամէն պարագայի, միջազգային հանրութիւնը, յատկապէս՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները՝ Ռուսիոյ նախագահը, Ֆրանսայի նախագահը բաց բնաբանով, իսկ ԱՄՆ-ը՝ տողատակերով յայտարարած են, որ հիմնահարցը պէտք է լուծել խաղաղ ճամբով, հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման անհրաժեշտութիւն կայ», ըսաւ ան։ Յիշեցնենք, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ բանակի ղեկավարութեան հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարած էր, որ Հայաստան մէկ ճամբայ ունի՝ բնական յարաբերութիւններ հաստատել իր հարեւաններուն հետ եւ հրաժարիլ տարածքային պահանջներէն: «Հայաստան մէկ ճամբայ ունի՝ բնական յարաբերութիւններ հաստատել իր հարեւաններուն հետ եւ հրաժարիլ տարածքային պահանջներէն, եւ ընդհանուր առմամբ, չօգտագործել Լեռնային Ղարաբաղ արտայայտութիւնը», ըսած է ատրպէյճանցի ղեկավարը: Անոր խօսքին համաձայն՝ «Լեռնային Ղարաբաղ տարածքային միաւոր գոյութիւն չունի, եւ ղարաբաղեան հակամարտութիւն հասկացութիւնը չկայ»։ Ըստ Վահրամ Բալայեանի, եթէ կ’ուզենք, որ հիմնահարցը խաղաղ լուծուի, բանակցութիւնները շարունակուին, պէտք է սկսիլ Հայաստանէն։ «Երկիրը պէտք է ոտքի կանգնի եւ դառնայ իսկապէս Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորը։ Այսօր անիկա տեսանելի չէ ամէն պարագայի», ըսաւ ան։ Արցախցի պատգամաւորին նկատառումով՝ Ալիեւի յայտարարութիւնները՝ խաղաղութեան պայմանագիրի, սահմանազատումի եւ սահմանագծումի առնչութեամբ մէկ նպատակ կը հետապնդեն՝ Հայաստանը Արցախէն հեռացնել։ «Մէկ նպատակ կայ, որ Հայաստանը ձեռքերը լուայ եւ մէկ կողմ քաշուի, Ղարաբաղը մնայ մինակ։ Գաղտնիք չէ, որ Ղարաբաղը մինակ ի զօրու չէ պայքարելու թուրք-ատրպէյճանական ճակատին դէմ։ Անկարելի է բոլոր առումներով՝ մարդկային, տնտեսական, գինուորական տուեալներով», ըսաւ ան։ Վահրամ Բալայեանի համոզումով, Հայաստան պէտք է յստակ դիրքորոշում ունենայ Արցախի ապագային նկատմամբ։ «Ես կը կարծեմ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան բնակչութեան 25 տոկոսը իր քուէով մերժեց Արցախը, որոշեց տէր չդառնալ Արցախին։ Հարցը ոչ թէ ընտրութիւններուն «Հայաստան» դաշինքին յաղթելը, կամ «Քաղաքացիական Պայմանագիր»ին յաղթելն էր։ Հարցը Արցախի ճակատագիրին կը վերաբերէր։ Ցաւօք սրտի, տեսանելի ոչինչ կայ։ Տուեալ պարագային, որ ՀՀ քաղաքացին, այս առումով 25 տոկոսը, գացած, ձայն տուած է՝ իր մտքին մէջ ունենալով, որ իր որդին Արցախի մէջ չի ծառայեր կամ Արցախը իրեն համար գլխացաւ է։ Այս ամէնը տեսանելի է եւ շատ ցաւալի։ Մեզի այս ընթացքով յաղթեցին, տարիներ շարունակ պայմաններ ստեղծեցին, բաժանումներ ըրին՝ արցախցի, հայաստանցի․ այս ծրագիրով կրցան այնպէս մը ընել, որ հասնինք այս իրավիճակին», ըսաւ ան։ «Կը կարծեմ, որ Ռուսիոյ Դաշնութիւնը սկզբունքայնութիւն կը դրսեւորէ․ այստեղ շահերու համընկնում կայ արցախահայութեան եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան միջեւ։ Կը կարծեմ, որ Արցախը, վերջ ի վերջոյ, այն կէտն է, որ կրնայ յառաջիկայ տասնամեակներուն Ռուսիոյ անվտանգութեան համակարգին մէկ մասնիկը դառնալ, եւ այդ կտրուածքին մէջ արցախահայութիւնը կրնայ ապրիլ», ըսաւ ան։ Հեղինակ Հռիփսիմէ Յովհաննիսեան