Երեքշաբթի, 29 Յունիս 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ ընդունեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերու մեծն օգնական Ալի Ազղար Խաճին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը։ Հանդիպումին ընթացքին կողմերը խորհրդակցեցան երկու երկիրներուն միջեւ ռազմավարական յարաբերութեան եւ միացեալ յանձնախումբերուն տարած աշխատանքին շուրջ, որ կը նպաստէ Իրանի եւ Սուրիոյ միջեւ գործակցութեան ամրապնդման։ Հանդիպումին ընթացքին կողմերը ներկայացուցին տարածաշրջանի իրավիճակը եւ խորհրդակցեցան նաեւ քաղաքական կարգ մը հարցերու շուրջ, ինչպէս Ասթանայի բանակցութիւններուն եւ այս գծով տարուած աշխատանքներուն։ Կողմերը անդրադադձան նաեւ սուրիական սահմանադրութիւնը քննարկող յանձնախումբին, եւ կարեւորեցին անոր աշխատանքին հետապնդումը եւ զայն արտաքին միջամտութենէ զերծ պահելը։ Իր կարգին Ասատ շնորհաւորեց Իրանի ղեկավարութիւնն ու ժողովուրդը նախագահական ընտրութիւններուն առիթով, դիտել տալով, որ այս յաղթանակը հարուած է հակաիրանեան բոլոր կողմերուն, որոնք կը ջանան Իրանի անվտանգութիւնը խախտել։ Իր կարգին Խաճի յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ նախագահական ընտրութիւնը յայտնաբերեց ժողովուրդին հզօր կամքը։ Ան անգամ մը եւս յայտնեց Իրանի պատրաստակամութիւնի Սուրիոյ վերականգնումի աշխատանքներուն մէջ գործուն դեր ունենալու, ինչպէս նաեւ սուրիական տնտեսութեան բարելաւման նպաստելու։ Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար դոկտ. Պաշշար ալ Ճաաֆարի, Սուրիոյ Հանրապեսութեան նախագահութեան խորհրդատու դոկտ. Պուսայնա Շաապան, արտաքին գործոց Նախարարի օգնական Այման Սուսան, արտաքին գործոց նախարարութեան Ասիոյ վարչակազմի տնօրէն Ռատուան Լութֆի, Սուրիոյ Հանրապետութեան Նախագահութեան խորհրդատու Լունա Շպըլ, իսկ իրանեան կողմէն՝ Դամասկոսի մէջ Իրանի դեսպանն ու դեսպանատան անդամները։