Չորեքշաբթի, 30 Յունիս 2021-ին, Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը շեշտեց, որ Ռոմայի զոյգ ժողովներուն հրապարակած հաղորդագրութիւնները կը հասակեն սուրիական իրականութեան, ան որ կարդայ հաղորդագրութեան բովանդակութիւնը կը շօշափէ զայն հրապարակող կողմերուն ապատեղեկատուութիւնը։ Նախարարութիւնը շեշտեց, որ Սուրիան, իր ժողովուրդով եւ ղեկավարութեամբ, միակն է, որ երկրի ապագան պիտի ուրուագծէ։ Ապա աւելցուց. «Սուրիան ցաւ կը յայտնէ կարգ մը պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներու մօտցումներուն համար։ Անոնք պարտադրաբար ներկայ գտնուելով Ռոմայի ժողովներուն, յօժարեցան Ուաշինկթընի կողմէ նախապէս պատրաստուած հաղորդագրութեան բովանդակութեան։ Միւս կողմէ սուրիական բանակը, ռուսական ուժերը եւ իրաքեան բանակն էին, որոնք պարտութեան մատնեցին տարածաշրջանի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումը։ Եւ վերջապէս Սուրիան միակ կողմն է, որ նախանձախնդիր է երկրի ու ժողովուրդի շահերու պահպանման»։