“Երկիր”._ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակը 31 Յոնիսին հայ գերիներու մասին հաղորդած է, որ միջազգային եւ համեմատական իրաւունքի կեդրոնը, գործակցաբար Ուաշինկթընի մէջ տեղակայուած «Արդարութեան Եւ Մարդու Իրաւունքներ” հայկական կեդրոնին հետ, վեց դիմում եւս ներկայացուցած է Մարդու Իրաւունքներու եւրոպական դատարան՝ խնդրելով «ժամանակաւոր միջոց կիրառել» 9 Նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութենէն վերջ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպտագոյն խախտումներով գերեվարուած հայ զինծառայողներու գործերով։
«Ատրպէյճանի կողմէն հայ գերիները չճանչնալու շարունակական քաղաքականութիւնը մարդկային կեանքի նկատմամբ այլասերուած վերաբերմունքի օրինակ է: Ժամանակն է, որ միջազգային հանրութիւնը քաջալերելէ դադրի բռնապետ Ալիեւը եւ պահանջէ, որ Ատրպէյճան կատարէ 1949_ին ընդունուած Ժնեւեան համաձայնութեան պարտաւորութիւնները», ընդգծած է Արդարութեան եւ Մարդու իրաւունքներու հայկական կեդրոնի ղեկավար, Հայ Դատի երկարամեայ գործիչ Քէն Խաչիկեան։
«Ժամանակաւոր միջոց» կիրառկելու համար հայ գերիներու մասին շարունակական վկայութիւններ հաւաքագրելով՝ յիշեալ կեդրոններու դիմումները ՄԻԵԴ-ին առաջին քայլը կը կազմեն` ստիպելու Ատրպէյճանը ճանչնայու հայ գերիները։ Անիկա նաեւ կարելիութիւն կու տայ միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններուն, յատկապէս՝ Կարմիր Խաչի միջազգային կազմակերպութեան, մուտք գործելու գերեվարուած անձերուն մօտ։
Երեւանի եւ Ուաշինկթընի մէջ տեղակայուած երկու իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու գործակցութեան հետեւանքով Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան ներկայացուած են մօտաւորապէս հարիւր հայ ռազմագերիներու մասին գործեր։ Վերջերս, նոյն գործակցութեամբ, կարելի եղած էր տեղեկութիւններ հաւաքել Ատրպէյճանի կողմէն պահուող մօտաւորապէս 90 հայ գերիներու մասին։
Իրաւապաշտպան կեդրոնները պիտի շարունակեն հետամուտ ըլլալ մօտաւորապէս հարիւր հայ գերիներու ազատ արձակումը ու անոնց կեանքի իրաւունքի պաշտպանութիւնը։