Այս խիստ բառերով իր ընդվզումը արտայայտեց Վեհափառ Հայրապետը Cilicia TV-ին, այս առաւօտ Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերու հոգիներուն համար կատարուած հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք:
Նորին Սրբութիւնը իր խօսքին մէջ շեշտեց, թէ «արդարութիւնը չի կրնար զոհը դառնալ քաղաքական նկատումներու ու անձնական հաշիւներու: Ինչ որ պատահեցաւ տարի մը առաջ, Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ, չի կրնար հեռու մնալ հաշուետուութենէ: Պատասխանատուները ժողովուրդին պէտք է հաշիւ տան՝ իրենց անպատասխանատու վերաբերումին համար: Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումը ո՛չ միայն պատճառ դարձաւ հսկայ քանդումներու ու բազմաթիւ զոհերու, այլ նաեւ յստակօրէն պարզեց կարգ մը պետական պատասխանատուներու անփոյթ ու անխիղճ վերաբերումը՝ իրենց վստահուած պաշտօններուն նկատմամբ: Ժողովուրդը հաշուետուութիւն ու արդարութիւն կը պահանջէ»:
Յայտնենք, որ յառաջիկայ Երեքշաբթի, լիբանանահայութիւնը հրապարակային հանդիսութեամբ պիտի յիշատակէ պայթումին տարելիցը, նաեւ մասնակից պիտի դառնայ 4 Օգոստոսին նաւահանգիստին մէջ տեղի ունենալիք հաւաքական աղօթքին: