Քուէթահայ բարերար՝ պրն. Կիրակոս Գույումճեան «Ներսէս Շնորհալի»ի ուսումնական մրցանակով կը շարունակէ քաջալեր հանդիսանալ հայկական վարժարաններուն 12-րդ կարգի առաջնակարգ աշակերտներուն:

Արդարեւ, Ուրբաթ, 23 Յուլիս 2021-ին, Քուէյթի Ազգային Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս տեղի ունեցաւ «Ներսէս Շնորհալի» մրցանակի յանձնումը, Թեմի Կաթողիկոսական փոխանորդ՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Ծ. Վրդ. Մանուէլեանի բարձր հովանաւորութեամբ:

Հանդիսութեան ներկայ էին համայնքի Արժանապատիւ հոգեւոր հովիւը, ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ, վարժարանի տնօրէնութիւնն ու հոգաբարձութիւնը:

Այս տարուան մրցանակակիրն էր շրջանաւարտ՝ Ռաֆֆի Թաշճեան, որ ապահոված էր 99,81% գնահատական եւ գլխաւորած էր վարժարանի գերազանցիկներուն ցուցակը:

Առիթը յարմար նկատելով «Ազդարար» հարցազրոյց մը կազմակերպեց բարերարին հետ. Ստորեւ մանրամասնութիւնները.-

  1. Պրն. Կիրակոս Գույումճեան, խնդրեմ ներկայացնէք մրցանակի մեկնարկը:

Նախ ըսեմ, թէ մրցանակի գաղափարը ինչպէս ծնաւ:

Ինծի համար ուսումն ու գիտութիւնը մեծ կարեւորութիւն ունին մարդու կեանքի մէջ: Բարձրագոյն վկայականներու տիրանալը եւ յաջողութիւններու նուաճումը տարբեր հաճոյք են անկասկած: Հետեւաբար Քուէյթի Ազգային վարժարանի 2012-2013 ուսումնական տարեշրջանի աւարատական խրաճանքին երբ յայտարարուեցաւ, թէ Քուէյթի Ազգային վարժարանէն ներս Հայ աշակերտ մը 12-րդ կարգի պետական քննութեանց ապահոված է 99,51% արդիւնք, այդ յայտարարութիւնը շատ ոգեւորեց ու խանդավարեց զիս, հետեւաբար փափաքեցայ իմ քաջալերական լուման բերել ու գնահատել մեր հայ աշակերտը:

 

  1. Ուրեմն օրին կանոնակարգուած ծրագիր մը չէր «Ներսէս Շնորհալի» ուսումնական մրցանակը: Իսկ ե՞րբ վերածուեցաւ պաշտօնական մրցանակի:

Ինչպէս ըսի 2012-2013 տարեշրջանին աշակերտին պարգեւատրումը սրտաբուխ նախաձեռնութիւն մըն էր, չունէր կանոնակարգուած վիճակ եւ պարբերականութիւն: 2012-2013 մինչեւ 2016-2017 ուսմնական տարեշրջաններուն օրուան պայմաններուն բերումով եւ իմ հայեցողութեան համաձայն պարգեւատրած եմ այլ աշակերտներ: Սակայն Յուլիս 2017ին ընթացքին մշակեցինք ու հաստատեցինք յատուկ կանոնագրութիւն մը, (մամուլով հրապարակած ենք օրին) եւ զայն անուանեցինք «Ներսէս Շնորհալի» ուսումնական մրցանակ, որուն լոյսին տակ տարեկան պարբերականութեամբ գնահատեցինք Քուէյթի 12-րդ կարգի պետական քնութեանց առաջին բարձր գնահատական ստացող աշակերտը ու պարգեւատրեցինք «Ներսէս Շնորհալի»ի ուսումնական մրցանակով: Յիշենք նաեւ, որ յետագային նոր կանոնագրութեան հիման վրայ պարգեւատրեցինք նաեւ Հալէպի Հայկական վարժարաններու 12-րդ կարգի պետական քնութեանց բարձրագոյն երեք գնահատական ստացող աշակերտները հայկական բոլոր վարժարաներու մէջ: Հոս բան մը կ’ուզեմ աւելցնել, շատեր հարց կու տան, թէ ինչու Ներսէս Շնորհալի անունը ընտրեցի եւ ոչ Անանիա Շիրակացի կամ Գրիգոր Տաթեւացի անունները: Պատասխանը յստակ է: Մենք՝ Գույումճեաններս արմատներով Ճիպինցի ենք, Այնթապի շրջակայ գիւղերէն, ուր ապրաց է Ներսէս Շնորհալի կաթողիկոսը, ան ճիպինցիներուս համար միշտ եղած է բարօրութեան, գիտութեան եւ բարի կամքի սուրբ, հետեւաբար չէի կրնար ուրիշ անունով մը օծել մեր մրցանակը:

 

  1. Խնդրեմ պարզաբանէք, թէ ինչու՞ 2019-2020 ուսումնական տարեշրջանին պարգեւատրում տեղի չունեցաւ:

Պատճառը շատ պարզ է, սոյն տարեշրջանին Քորոնա համավարակի պատճառով Քուէյթի կրթութեան նախարարութեան որոշումով պետական քննութիւնները տեղի չունեցան եւ բոլոր աշակերտները տարին բոլորելով ստացան համապատասխան վկայականներ: Ուստի որոշեցի պարգեւատրում չկատարել:

 

  1. Ձեր կարծիքով ինչու՞ կարեւոր է Հայ դպրոցի գոյութիւնը մեր կեանքէն ներս:

Հայ դպրոցին մէջ կը կազմաւորուին հայ աշակերտին միտքն ու նկարագիրը, հոն կը մշակուի եւ կ΄իւրացուի հայ ոգին եւ մշակոյթը:

Հայ դպրոցը կը ջամբէ հիմնական եւ ժամանակակից գիտութիւն, բարոյականութիւն, կենցաղավարութիւն, իմացական բարձր ոգի, ազգային գիտակցութիւն եւ համամարդկային արժէքներ: Յաճախ ըսած եմ, առանց հայ դպրոցի չկայ հայ ինքնութիւն, անգամ հայ դատի աշխատանքներուն մաս կը կազմեն նաեւ հայ դպրոցները, որոնք հայեցի դաստիարակութեան միջոցով կը պատրաստեն գաղափարական սերունդներ:

 

  1. Պրն. Գույումճեան այս մրցոյթը պիտի շարունակու՞ի յառաջիկայ տարիներուն:

Տայ Աստուած մեզի առողջութիւն ու յաջողութիւն մեր ծրագիրներուն եւ վստահ կը շարունակուի այս աշխատանքը, որովհետեւ բարի գործ է եւ անոր պտուղները միշտ պիտի ըլլան բարի: Հետեւաբար մրցանակը բաց է՝ Քուէյթի եւ Հալէպի մէջ ապրող բոլոր հայ աշակերտներուն, թող աշխատանին անվարան ու կարգապահօրէն, որպէսզի ստանան համապատասխան գնահատանքը իրենց աշխատանքին:

 

  1. Ձեր սրտի խօսքը մեր ընթերցողներուն:

Նախ բարձր կը գնահատեմ Քուէյթի ազգային վարժարանի տնօրէնութեան եւ ուսուցչաց կազմի բծախնդիր աշխատանքը, անոնք իսկապէս այնպիսի սերունդներ կը պատրաստեն տարիներու ընթացքին, որոնց համար մենք երախտապարտ ենք: Յարգանքի խօսք ունիմ մեր սիրելի ծնողներուն, որոնք անվերապահօրէն կը վստահին իրենց անգին զաւակները հայ դպրոցին, ոչ միայն կը վստահին, այլ նաեւ սատար կը կանգնին հայ վարժարանի ծաղկման ու բարեկարգման: Շնորհակալութեան յատուկ խօսք ունիմ Թեմիս կաթողոկոսական փոխանորդ՝ հոգշ. Տ. Պետրոս Ծ. Վրդ. Մանուէլեանի, որ իր հայրական խնամքով աչալուրջ կը հետեւի ազգային մեր կառոյցներու աշխատնքին: Իսկ ընթերցողներուն կ’ուզեմ ըսել թէ ուսումն ու գիտութիւնը կարեւոր հարցեր են բոլոր ժողովուրդներուն համար, ի մասնաւորի մեր ազգի զաւակներուն. պէտք է աշխատինք ուսումն ու գիտութիւնը հասանելի դարձնել մեր երեխաներուն, հետեւաբար զարգացնենք ու տէր կանգնինք մեր կրթական կառոյցներուն, ոչ մէկ բան խնայենք հայ դպրոցի բարգաւաճման համար, մեր քսակները առատ բանանք եւ մեր խղճի լուման արդարօրէն նուիրենք ապագայ սերունդներուն բարօրութեան համար: Ինչպէս ըսած եմ անցեալին հիմա նորէն կը շեշտեմ.-«այսօր տո՛ւր, վաղը մի՛ տար»: