Ստո­րեւ` Արամ Ա. վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տին յղած նա­մա­կը Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետ Նի­կոլ Փա­շին­եա­նին.
«Վսե­մա­շո՛ւք պրն. վար­չա­պետ,
Քրիս­տո­ն­է­ա­կան սի­րով ու հայ­րա­պե­տա­կան օրհ­նու­թեամբ կ’ող­ջու­նենք Ձեզ Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Ան­թիլ­ի­ա­սի մայ­րա­վան­քէն: Կը շնոր­հա­ւո­րենք Ազ­գա­յին ժո­ղո­վին ընտ­րու­թիւնը, ինչ­պէս նա­եւ Ձեր նշա­նա­կու­մը՝ իբ­րեւ վար­չա­պետ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ու նոր կա­ռա­վա­րու­թեան կազ­մու­թիւնը:
Ար­դա­րեւ, հայ ժո­ղո­վուր­դի ու Հա­յաս­տա­նի պատ­մու­թեան վճ­ռադ­րոշմ մէկ փու­լին, դուք վերս­տին կը կոչ­ուիք վար­չա­պե­տի ծանր ու պա­տաս­խա­նա­տու պաշ­տօ­նին: Պաշ­տօն մը, որ սո­վո­րա­կան իմաս­տով դիրք ու պա­տիւ չէ, այլ իր էու­թեամբ ու նպա­տա­կով հայ­րե­նա­կեր­տու­մի առա­քե­լու­թիւն է: Այ­սօր, ինչ­պէս գի­տէք, մեր հայ­րե­նի­քը լուրջ տագ­նապ­նե­րով շր­ջա­պատ­ուած է՝ ներ­քին թէ ար­տա­քին: Անոր պե­տա­կա­նու­թեան հիմ­քե­րը վտանգ­ուած են: Յու­սա­խա­բու­թիւնն ու անո­րո­շու­թիւնը դար­ձած են տի­րա­կան Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի կեան­քին մէջ: Հե­տե­ւա­բար, ժո­ղո­վուր­դը կը սպա­սէ, որ դուք հայ­րե­նի­քի վե­րա­կանգ­նու­մի ու վե­րա­ծաղ­կու­մի առա­քե­լու­թեան լծ­ուիք՝ բարձ­րա­գոյն աս­տի­ճա­նի նպա­տա­կաս­լաց պա­տաս­խա­նա­տուու­թեամբ ու յանձ­նա­ռու­թեամբ: Այս սպա­սու­մէն մեկ­նե­լով ու այս հե­ռան­կա­րով, կ’ու­զենք Ձեր ազ­նիւ ու­շադ­րու­թեան յանձ­նել հե­տեւ­եալ կէ­տե­րը.
ա) Ատր­պէյ­ճա­նի ու Թուրք­իոյ մի­աց­եալ ու­ժե­րով Ար­ցա­խին դէմ շղ­թա­յա­զերծ­ուած պա­տե­րազ­մը եւ անոր յա­ռա­ջա­ցու­ցած մարդ­կա­յին մե­ծա­թիւ զո­հե­րը, մեր նա­հա­տակ­նե­րու արիւ­նով ազա­տագր­ուած հո­ղե­րու գրա­ւու­մը, հո­գե­ւոր կա­ռոյց­նե­րու քան­դումն ու հա­զա­րա­ւոր ըն­տա­նիք­նե­րու տե­ղա­հա­նու­մը մեր ժո­ղո­վուր­դին մօտ յա­ռա­ջա­ցու­ցած են խոր ընդվ­զում ու յու­սա­բե­կում: Կա­րե­լի չէ առանց հաշ­ուե­տուու­թեան, մեր ժա­մա­նա­կա­կից պատ­մու­թեան այս դառն ու մռայլ էջը դարձ­նել: Հար­ցում­ներ կան, որոնք պա­տաս­խա­նի կը սպա­սեն: Անո­րո­շու­թիւն­ներ գո­յու­թիւն ու­նին, որոնք կը կա­րօ­տին յս­տա­կաց­ման: Փո­խա­դարձ մե­ղադ­րանք­ներ կը կա­տար­ուին, որոնք կա­րի­քը ու­նին լու­սա­բա­նու­թեան: Հե­տե­ւա­բար, Մեր սպա­սումն է, որ նոր ընտր­ուած Ազ­գա­յին ժո­ղո­վը իր օրա­կար­գի առաջ­նա­հերթ հար­ցե­րէն մէ­կը դարձ­նէ բո­լոր խմ­բա­ւո­րում­նե­րէն բաղ­կա­ցած յանձ­նա­ժո­ղո­վի մը նշա­նա­կու­մը, որ­պէս­զի ան կա­րե­նայ պա­տե­րազ­մին առնչ­ուած բո­լոր խն­դիր­նե­րը հա­մա­պար­փակ կեր­պով ու իրա­պաշտ մօ­տե­ցու­մով քն­նել եւ հրա­պա­րա­կա­յին հաշ­ուե­տուու­թիւն կա­տա­րել մեր ժո­ղո­վուր­դին:
բ) Մեր ժո­ղո­վուր­դին ներ­քին մի­աս­նա­կա­նու­թիւնը յատ­կա­պէս ներ­կայ տագ­նա­պա­լից ժա­մա­նակ­նե­րուն ան­յե­տաձ­գե­լի հրա­մա­յա­կան է: Իրաւ մի­աս­նա­կա­նու­թիւնը տե­սա­կէտ­նե­րու մի­ա­տե­սա­կու­թիւն չէ, այլ բազ­մա­կար­ծի­քու­թեան ներ­դաշ­նա­կումն է՝ ի սպաս ազ­գին ու հայ­րե­նի­քին գե­րա­գոյն շա­հե­րուն: Նման մի­աս­նա­կա­նու­թիւն կը դառ­նայ ամուր կռ­ուան Հա­յաս­տա­նի պե­տու­թեան ամ­րաց­ման, տո­կուն յե­նա­րան իշ­խա­նու­թիւն-ժո­ղո­վուրդ յա­րա­բե­րու­թեան եւ զօ­րեղ նե­ցուկ՝ Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թեան: Անհ­րա­ժեշտ է, որ ընտ­րա­պայ­քա­րի օրե­րուն ծա­ւա­լած քա­ղա­քա­կան վա­տա­ռողջ մշա­կոյթն ու ներ­քա­ղա­քա­կան լար­ուա­ծու­թիւնը տե­ղի տան իշ­խա­նու­թիւն-ընդ­դի­մու­թիւն առողջ ու շի­նիչ քն­նա­դա­տու­թեան: Ա՛յս կը պա­հան­ջէ հայ­րե­նի­քին շա­հը:
գ) Հայ­րե­նի­քին նկա­րա­գիր ու դի­մա­գիծ տուո­ղը ժո­ղո­վո՛ւրդն է, եւ ժո­ղո­վուր­դը իր իւ­րա­յա­տուկ ինք­նու­թիւնը կ’ար­տա­յայ­տէ ու զայն կը պա­հէ անեղծ ժա­մա­նա­կի փոշի­ին դէմ՝ իր բա­րո­յա­կան, հո­գե­ւոր ու ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րով: Ա՛յս կը յի­շեց­նէ մե­զի մեր «փոքր ածու»-ին գո­յա­տե­ւու­մը պատ­մու­թեան ահա­ւոր փո­թո­րիկ­նե­րուն դի­մաց: Ներ­կայ ժա­մա­նակ­նե­րուն, երբ հա­մաշ­խար­հա­յին մշա­կոյ­թի ապազ­գա­յին «ար­ժէք­նե­րը» սկ­սած են թա­փան­ցել ամէն տեղ, Մեր սպա­սումն է, որ Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւնը, յատ­կա­պէս կր­թա­կան ու մշա­կու­թա­յին կա­ռոյց­նե­րու ճամ­բով մեր ժո­ղո­վուր­դը մղէ ամ­րօ­րէն կառ­չե­լու մեր ազ­գի ինք­նու­թիւնն ու հզօ­րու­թիւնը երաշ­խա­ւո­րող ար­ժէք­նե­րուն:
դ) Ար­ցա­խը այ­սօր վի­րա­ւոր է: Անոր ցա­ւը մեր ողջ ազ­գին ցաւն է: Մեր հա­ւա­քա­կան յանձ­նա­ռու­թիւնը Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան նկատ­մամբ պէտք է պա­հել ամուր: Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չու­մը ո՛չ միայն Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թեան առաջ­նա­հերթ հար­ցե­րէն մէ­կը պէտք է դառ­նայ, այլ նա­եւ սփիւռ­քին: Մեր ազ­գին հա­ւա­քա­կան նե­րու­ժը պէտք է ի սպաս դնել Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան ամ­րապնդ­ման:
ե) Հա­յաս­տան-սփիւռք գոր­ծակ­ցու­թիւնը կեն­սա­կան կա­րե­ւո­րու­թիւն ու­նի թէ՛ Հա­յաս­տա­նին, թէ՛ Ար­ցա­խին եւ թէ՛ սփիւռ­քին հա­մար: Մեր ազ­գի այս երեք մի­ա­ւոր­նե­րուն ներ­դաշ­նակ ու սերտ գոր­ծակ­ցու­թիւնը, բնա­կա­նա­բար դե­րե­րու բա­ժա­նու­մով ու առաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րու յս­տա­կա­ցու­մով, կը նկա­տենք հրա­մա­յա­կան: Այս շր­ջա­գի­ծին մէջ հա­մա­հայ­կա­կան օրա­կար­գի մշա­կու­մը սփիւռ­քի գոր­ծօն մաս­նակ­ցու­թեամբ կը նկա­տենք էա­կան ու առաջ­նա­յին:
զ) Ար­ցա­խի պա­տե­րազ­մը եւ անոր հե­տե­ւող Հա­յաս­տան-Ատր­պէյ­ճան-Ռուս­իա զի­նա­դա­դա­րի ստո­րագ­րու­թիւնը փաս­տօ­րէն ցու­ցա­նիշ է Կով­կա­սի մէջ ստեղծ­ուած աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան նոր իրա­վի­ճա­կին: Ներ­կայ վտան­գա­լից կա­ցու­թիւնը կը պա­հան­ջէ, որ Հա­յաս­տա­նի անվ­տան­գու­թեան ու հո­ղա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան նկատ­մամբ իշ­խա­նու­թիւնը ըլ­լայ զգօն ու ան­տե­ղի­տա­լի: Հա­յաս­տա­նին հա­մար վտան­գա­ւոր զար­գա­ցում­նե­րով յղի շր­ջա­նի պար­զած ներ­կայ իրա­վի­ճա­կը նա­եւ կը պա­հան­ջէ «Ո՛չ» ըսե­լու վճ­ռա­կա­նու­թիւն: Ար­դա­րեւ, պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին մեծ կայս­րու­թիւն­նե­րու շա­հե­րու խաչ­մե­րու­կին կռ­ուախն­ձոր դար­ձած Հա­յաս­տա­նը իր գո­յու­թիւնը պա­հեց, թէ­կուզ եր­բեմն վի­րա­ւոր, «Ո՛չ» ըսե­լու իր հա­ւա­քա­կան քա­ջու­թեամբ:
է) Երբ այ­սօր Հա­յաս­տա­նը շր­ջա­պատ­ուած է հին ու նոր ժա­մա­նակ­նե­րու ցե­ղաս­պան­նե­րով, որոնք կը շա­րու­նա­կեն իրենց ծա­ւա­լա­պաշ­տա­կան նկր­տում­նե­րը Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի նկատ­մամբ՝ ան­տե­սե­լով իրենց յանձ­նա­ռու­թիւն­ներն ու մի­ջազ­գա­յին օրէն­քի տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րը, անհ­րա­ժեշտ է, որ հա­յոց բա­նա­կը դառ­նայ աւե­լի կազ­մա­կերպ ու մար­տու­նակ: Նա­եւ անհ­րա­ժեշտ է, որ կա­րե­նանք մեր ռազ­մա­վա­րա­կան բա­րե­կամ­նե­րու ու գոր­ծըն­կեր­նե­րու ծի­րը ընդ­լայ­նել:
Մեր սպա­սումն է, պրն. վար­չա­պետ, որ հա­կիրճ կեր­պով Ձե­զի պար­զած Մեր մտա­հո­գու­թիւն­ներն ու մտա­ծում­նե­րը կա­րե­ւո­րու­թեամբ նկա­տի ու­նե­նաք, որ­պէս­զի կա­րե­լի ըլ­լայ հա­ւա­քա­կան ու հե­տե­ւո­ղա­կան ճի­գով, խո­հեմ ու պա­տաս­խա­նա­տու ոգի­ով մեր հայ­րե­նի­քը առաջ­նոր­դել դէ­պի պայ­ծառ ապա­գայ:
Կ’աղօ­թենք առ Բարձր­եալն Աստ­ուած, որ ան­սա­սան ու ապա­հով պա­հէ Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րը եւ Ձե­զի պար­գե­ւէ իմաս­տու­թիւն ու կո­րով՝ Ձեր դժ­ուար առա­քե­լու­թեան մէջ»: