«Արմէնփրէս»- Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը (ՊՆ) յայտնած է, որ մարտական յենակէտի մէջ 3 հայ զինուորական ծառայողի մահուան հանգամանքները պարզելու համար քննութիւն կ’ընթանայ, որուն հետեւանքով հանրութեան կը տրամադրուի պատշաճ տեղեկատուութիւն: ՊՆ-ը այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է. «19 Օգոստոսին Սիւնիքի մարզին մէջ տեղի ունեցած միջադէպին առնչութեամբ մամուլի մէջ իրականութեան չհամապատասխանող շարք մը տեղեկութիւններ շրջանառուած են: Համոզիչ կերպով կը խնդրենք հետեւիլ բացառապէս պաշտօնական տեղեկատուութեան եւ չտարածել կեղծ տեղեկութիւններ դէպքի պատճառներուն, աւելի եւս` զոհուած զինուորական ծառայողներու ստացած վնասուածքներուն առնչութեամբ: Նման տեղեկութիւններու տարածումը ձեռնտու է բացառապէս հակառակորդին: Ընթացքի մէջ է քննութիւն, որ լիարժէքօրէն պիտի պարզէ դէպքին բոլոր հանգամանքները եւ հանրութեան պատշաճ կերպով պիտի տրամադրուի համապատասխան տեղեկատուութիւն», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: