ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը խոր կսկիծով կը գուժէ իր կազմի անդամներէն, ՀՄԸՄ-ի Հարաւային Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան նախկին ատենապետ, վաստակաշատ ՀՄԸՄ-ական` ԵՂԲ. ԱՐՄԱՆՏՕ ԹՈՐԳՈՄԵԱՆԻ մահը, որ պատահեցաւ Երեքշաբթի, 24 Օգոստոս 2021-ին, Պուէնոս Այրէսի մէջ, Արժանթին։