«Երկիր Մետիա».-ՀՀ Ազգային Ժողովի ընդդիմադիր «Հայաստան» եւ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութիւններու խումբ մը պատգամաւորներ մեկնած են Արցախի Հանրապետութիւն` Արցախի անկախութեան օրուան առիթով: Պատգամաւորական պատուիրակութիւնը Արցախի ճամբուն է: «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Վահէ Յակոբեան յայտնած է, որ իրենց խմբակցութենէն ներկայացուած է 10-էն աւելի պատգամաւոր: Մեկնած են նաեւ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան պատգամաւորներէն: Յիշեցնենք, որ Արցախի Հանրապետութեան խորհրդարանի նախագահ Արթուր Թովմասեան «Հայաստան», «Պատիւ Ունեմ» եւ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութիւններու ղեկավարներուն եւ անդամներուն հրաւիրած է Արցախ` մասնակցելու 1 Սեպտեմբերին կայանալիք Ազգային Ժողովի յատուկ նիստին` նուիրուած Հանրապետութեան 30-ամեայ յոբելեանին: Նշենք, որ աւելի ուշ քննարկուած էին Արցախի Հանրապետութեան օրուան ու խորհրդարանի 30-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւններուն հետ կապուած հարցեր: Արթուր Թովմասեան ընդգծած էր տօնական ձեւաչափի փոփոխման անհրաժեշտութեան մասին: Ազգային Ժողովի 30-ամեակի առնչութեամբ հանդիսաւոր նիստ պիտի գումարուի 1 Սեպտեմբերին: Աւելցենք, որ այդ ժամանակաշրջանին Նիկոլ փաշինեան Հայաստան պիտի չըլլայ. ան արձակուրդի մեկնած է: ԱԺ նախագահ Ալեն Սիմոնեան գործուղման պիտի ըլլայ եւ ԱԺ պատուիրակութիւնը պիտի գլխաւորէ փոխնախագահներէն մէկը: Ի դէպ 44-օրեայ պատերազմէն վերջ բարձրաստիճան որեւէ պաշտօնեայ ոչ մէկ անգամ չէ ժամանած Արցախի Հանրապետութիւն եւ պատմութեան մէջ առաջին անգամ է, որ Արցախը իր անկախութեան տօնը պիտի նշէ առանց ՀՀ բարձր ղեկավարութեան: