28 Սեպտեմբերին ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեան, անդամներ Աննա Գրիգորեան, Արթուր Ղազինեան, Արամ Վարդեւանեան եւ Արթուր Խաչատրեան հանդիպած են ՀՀ-ի Մեծն Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իռլանտայի Միացեալ Թագաւորութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճոն Քալաքերին հետ:

Ողջունելով դեսպանը խորհրդարանէն ներս, Սէյրան Օհանեան կարեւոր համարած է հայ-բրիտանական յարաբերութիւններու զարգացումը, երկու պետութիւններու միջեւ առկայ քաղաքական երկխօսութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին խորհրդարանականները խօսած են պատերազմի հետեւանքով երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակին, Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններուն եւ ճանապարհներուն անվտանգութեան մասին:
Անդրադարձ  կատարուած է 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին Ատրպէյճանի կողմէն կատարուած յանցագործութիւններուն` մասնաւորապէս մարդոց եւ պատմամշակութային արժէքներուն հանդէպ իրականացուող վայրագութիւնները:
Առանձնապէս  ընդգծուած է միջազգային հանրութեան աջակցութեան կարեւորութիւնը գերիներու վերադարձի եւ անհետ կորածների յայտնաբերման համար:

«Հայաստան» խմբակցութեան անդամները անդրադարձած են դատաիրաւական համակարգի առկայ խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ «Հայաստան» դաշինքի անդամներուն նկատմամբ իրականացուող քաղաքական հետապնդումներուն, բարձրաձայնած են, որ անհիմն պատճառաբանութեամբ խոչընդոտուած են խորհրդարանական պատուիրակութիւններու մէջ ընդգրկուած «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորների այցելութիւննրը արտասահման:

Անդրադարձ կատարուած է խորհրդարանի մէջ «Հայաստան» խմբակցութեան դերակատարութեան:

Զրուցակիցները քննարկած են նաեւ երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր: