Երեքշաբթի, 28 Սեպտեմբեր 2021-ին, Սուրիոյ արդիւնաբերութեան նախարար Զիատ Սապպաղ «Շամ FM» ձաևնասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ արդիւնաբերողներուն իրավիճակին ու ըսաւ. «Վերջերս տարաձայնութիւն մը շրջանառութեան մէջ դրուած է, թէ սուրիացի արդիւնաբերողները կը փակեն իրենց հաստատութիւններն ու գործարանները եւ կը գաղթեն Սուրիայէն։ Որպէս նախարար կը հաստատեմ, որ վերջերս ոչ մէկ սուրիացի արդիւնաբերող Սուրիայէն գաղթած է։ Ոմանք այլ երկիրներու մէջ հաստատուելու փափաք ունին, որովետեւ պատերազմի տարիներուն ընթացքին իրենց գործարանները վնասուեցան եւ քանդուեցան, սակայն այս չի նշանակեր, որ բոլոր սուրիացի արդիւնաբերողները կը գաղթեն եւ կը փակեն իրենց գործարանները» ։
Նախարար Սապպաղ շեշեց, որ դիմատետրի էջերուն մէջ կը գրուի, թէ Եգիպտոս սուրիացի արդիւնաբերողներուն աշխատանքի առիթներ կ՚ընծայէ, սակայն Եգիպտոսի մէջ սուրիական համայնքի քարտուղարը յայտարարեց, որ Եգիպտոսի մէջ ներդրումային մթնոլորտը քաջալերելի չէ եւ ներդրում կատարողները մեծ գումարներու կարիք ունին։