Քա­ռա­սուն­չոր­սօր­եայ պա­տե­րազ­մի առա­ջին տա­րե­լի­ցէն ըն­դա­մէ­նը օրեր առաջ Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետ Նի­կոլ Փա­շին­եան եւ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ Իլ­համ Ալի­եւ կր­կին բա­խե­ցան իրա­րու, այս ան­գամ անա­րիւն ճա­կա­տու­մով՝ տե­սա­նիւ­թե­րով,  Մի­աց­եալ Ազ­գե­րու Կազ­մա­կեր­պու­թեան Գլ­խա­ւոր Խոր­հուր­դին մէջ, Նիւ Եորք:
Իմ կար­ծի­քով, թէ՛ Ալի­եւ, թէ՛ Փա­շին­եան սխալ գոր­ծե­ցին՝ ան­ձամբ չներ­կա­յա­նա­լով ՄԱԿ-ի հան­դիպ­ման: Խն­դի­րը սոսկ ելոյ­թը չէ, որ անոնք ու­նե­ցան տե­սա­նիւ­թով, այլ անոնց բա­ցա­կա­յու­թիւնը աշ­խար­հի տար­բեր ծայ­րե­րէն մօ­տա­ւո­րա­պէս 200 ղե­կա­վար­նե­րու մի­ջազ­գա­յին կա­րե­ւոր հա­ւա­քէն: Այս կա­րե­ւոր կա­րե­լիու­թիւն էր, յատ­կա­պէս Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պե­տին հա­մար, մաս­նա­ւոր եւ հան­րա­յին մի­ջա­վայ­րի մէջ հա­ղոր­դակ­ցու­թիւն ու­նե­նա­լու այդ ղե­կա­վար­նե­րէն շա­տե­րու հետ՝ անոնց փո­խան­ցե­լու հա­մար Հա­յաս­տա­նի բո­ղոք­նե­րը եւ հրա­պա­րա­կե­լու անց­եալ տար­ուան պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին Ատր­պէյ­ճա­նի կա­տա­րած դա­ժան խախ­տում­նե­րը:
Բա­րե­բախ­տա­բար, Փա­շին­եան ՄԱԿ ղր­կած էր ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Արա­րատ Միր­զոյ­եա­նը, որ քա­նի մը կա­րե­ւոր հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ բազ­մա­թիւ եր­կիր­նե­րու իր գոր­ծըն­կեր­նե­րուն հետ, որոնց շար­քին՝ Ատր­պէյ­ճա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րին, Մինս­քի խում­բի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն եւ ՄԱԿ-ի գլ­խա­ւոր քար­տու­ղա­րին հետ:
Մինչ Հա­յաս­տան եւ Ատր­պէյ­ճան ՄԱԿ-ի մէջ ներ­կա­յաց­ուած չէ­ին իրենց պե­տու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րու մա­կար­դա­կով, խե­լամ­տօ­րէն Թուրք­ի­ան կը ներ­կա­յաց­նէ­ին նա­խա­գահ Ռե­ճէպ Թա­յիպ Էր­տո­ղանն ու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լութ Չա­ւու­շօղ­լուն, որոնք օգտ­ուե­լով առի­թէն հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցան տասն­եակ պե­տու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րու հետ եւ բա­ցին ՄԱԿ-ի կեդ­րո­նին դի­մաց  գտ­նուող թր­քա­կան կեդ­րո­նի բարձ­րա­յարկ շէն­քը, ուր ներ­կայ էին բարձ­րաս­տի­ճան բազ­մա­թիւ պաշ­տօն­եա­ներ եւ ՄԱԿ-ի գլ­խա­ւոր քար­տու­ղար Ան­թոնիօ Կու­թե­րեշ: Էր­տո­ղա­նի մի­ակ ան­յա­ջո­ղու­թիւնը՝ նա­խա­գահ Պայ­տը­նի մեր­ժումն էր՝ ՄԱԿ-ի մէջ Էր­տո­ղա­նի հետ հան­դի­պում ու­նե­նա­լու։
Անդ­րա­դառ­նա­լով ելոյթ­նե­րուն՝ 23 Սեպ­տեմ­բե­րին Ալի­եւ հան­դէս եկաւ ՄԱԿ-ի Գլ­խա­ւոր Խոր­հուր­դի մէջ՝ 38 վայրկ­եան տե­ւո­ղու­թեամբ ելոյթ ու­նե­նա­լով տե­սա­նիւ­թով մը, անգ­լե­րէն լե­զուով։ Փա­շին­եա­նի տե­սա­նիւ­թը շատ աւե­լի կարճ էր՝ նուազ քան 12 վայրկ­եան: Ալի­ե­ւի եր­կա­րա­շունչ ելոյ­թը պայ­ման չէր, որ լաւ ըլ­լար։ Ան, հա­ւա­նա­բար,  չա­փա­զանց  ձանձ­րա­ցուց Գլ­խա­ւոր Խոր­հուր­դի բարձ­րաս­տի­ճան հիւ­րե­րը, որոնք ամէն օր անընդ­մէջ ելոյթ­ներ կը  լսէ­ին: Թէ­եւ Ալի­ե­ւի հա­մար խե­լա­ցի գործ էր անգ­լե­րէն խօ­սի­լը, սա­կայն  Փա­շին­եան, հա­կա­ռակ անգ­լե­րէն գիտ­նա­լուն, նա­խընտ­րեց խօ­սիլ հա­յե­րէ­նով, ինչ որ կը նշա­նա­կէ, որ ներ­կա­նե­րը պէտք է անոր խօս­քին թարգ­մա­նու­թիւնը լսէ­ին ական­ջա­կալ­նե­րու մի­ջո­ցով, բան մը, որ հա­ղոր­դակ­ցու­թեան լա­ւա­գոյն մի­ջոց մը չէր։ Այդ­ուա­մե­նայ­նիւ, Փա­շին­եան իր ելոյ­թը կար­դա­լու հա­մար խե­լամ­տօ­րէն օգ­տա­գոր­ծեց հե­ռա­յու­շա­րա­րը, որ շատ աւե­լի հե­տաքրք­րա­կան դար­ձուց դի­տու­մը՝ ի տար­բե­րու­թիւն Ալի­ե­ւի, որ ամ­բողջ ժա­մա­նակ կը նա­յէր վար, իր առ­ջեւ դր­ուած թուղ­թը կար­դա­լու հա­մար: Այս իրո­ղու­թիւնը դր­դիչ պատ­ճառ դար­ձաւ ոչ հայ անձ­նա­ւո­րու­թեան մը, որ հեգ­նան­քով մեկ­նա­բա­նու­թիւն մը գրէ YouTubeի մէջ, Ալի­ե­ւի ելոյ­թի տե­սագ­րու­թեան տակ. «Ի՞նչ եղաւ Ալի­ե­ւի  նաւ­թա­տո­լար­նե­րուն: Մի­թէ ան  կա­րո­ղու­թիւն չու­նէ՞ր  հե­ռա­յու­շա­րար մը գնե­լու»:
Իր եր­կա­րա­շունչ ելոյ­թին մէջ Ալի­ե­ւը տասն­եակ մը սու­տեր ըսաւ, այս­պէս.
1)  Հա­յաս­տանն էր, այլ ոչ թէ Ատր­պէյ­ճա­նը, որ սկ­սաւ անց­եալ տար­ուան սեպ­տեմ­բեր­եան պա­տե­րազ­մը: Ալի­եւ, հա­ւա­նա­բար, մոռ­ցած էր, որ նա­խա­պէս հպար­տութ­եամբ խոս­տո­վա­նած էր, որ ինք սկ­սած է պա­տե­րազ­մը: Ան նա­եւ մե­ղադ­րեց Հա­յաս­տա­նը Յու­լիս 2020-ին Ատր­պէյ­ճա­նի վրայ յար­ձա­կում սկ­սե­լու մէջ: Հա­յաս­տան, սա­կայն, պատ­ճառ մը չու­նէր սկ­սե­լու պա­տե­րազմ, ո՛չ  Յու­լիս 2020-ին, ոչ ալ Սեպ­տեմ­բե­րին:
2) Ալի­եւ յի­շա­տա­կեց 12-րդ դա­րու բա­նաս­տեղծ Նի­զա­մի Գան­ճա­ւին՝ իբ­րեւ «ատր­պէյ­ճան­ցի մեծ բա­նաս­տեղծ»: Գան­ճա­ւի, իրա­կա­նութ­եան մէջ, ոչ թէ ատր­պէյ­ճան­ցի, այլ պար­սիկ է (տե՛ս Ուի­քի­փետ­իա­յի բազ­մա­թիւ աղ­բիւր­ներ): 12-րդ դա­րուն Ատր­պէյ­ճան գո­յու­թիւն իսկ չու­նէր: Գան­ճա­ւի ծնած է Գեան­ջա (հա­յե­րէն՝ Գան­ձակ), որ այդ ժա­մա­նակ «խիտ բնա­կեց­ուած էր իրան­ցի­նե­րով եւ փոքր թիւ մը քրիս­տոն­եա­նե­րով», ըստ հայ պատ­մա­բան Կի­րա­կոս Գան­ձա­կեցիի (1200-1271):
3) Ալի­եւ յե­րիւ­րան­քով Ատր­պէյ­ճա­նը բնու­թագ­րեց՝ «իբ­րեւ օրի­նակ հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թեան եւ խա­ղաղ հա­մա­կե­ցու­թեան՝ զա­նա­զան կրօն­նե­րու պատ­կա­նող եւ ցե­ղա­յին խում­բե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րով բնակ­ուած մեր եր­կի­րը»: Ընդ­հա­կա­ռակն. Ատր­պէյ­ճան շատ ան­հան­դուր­ժող ու բռ­նա­պե­տա­կան եր­կիր է: Անոր պատ­մու­թիւնը լե­ցուն է բազ­մա­թիւ հա­յե­րու կո­տո­րած­նե­րով: Այդ­ուա­մե­նայ­նիւ, Ալի­եւ   անա­մօ­թա­բար  մե­ղադ­րեց  Հա­յաս­տա­նը՝ «Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն, ցե­ղա­յին զտում­ներ եւ մարդ­կու­թեան դէմ յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­ներ իրա­կա­նաց­նե­լու մէջ…»։
4) Ալի­եւ նա­եւ մե­ղադ­րեց Հա­յաս­տա­նը՝ «մի­ջազ­գա­յին իրա­ւուն­քի, նե­րառ­եալ ժը­նեւ­եան հա­մա­ձայ­նագ­րի կո­պիտ խախտ­ման» մէջ: Ատր­պէյ­ճա­նի սե­փա­կան խախ­տում­նե­րուն եւ յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն ճշգ­րիտ նկա­րագ­րու­թիւնն է այս: Ան խա­բէ­ու­թեամբ կը պն­դէր, որ Հա­յաս­տան «սպի­տակ ֆոս­ֆոր եւ քա­սե­թա­յին ռում­բեր»  օգ­տա­գոր­ծած եւ յար­ձա­կած է խա­ղաղ բնա­կիչ­նե­րու վրայ: Ան­գամ մը եւս Ալի­եւ կը նկա­րագ­րէր՝ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ ի գործ դր­ուած պա­տե­րազ­մա­կան յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը՝ ընդ­դէմ հայ խա­ղաղ բնա­կիչ­նե­րու, հիւան­դա­նոց­նե­րու եւ եկե­ղե­ցի­նե­րու:
5) Ալի­եւ նա­եւ յայ­տա­րա­րեց, որ Հա­յաս­տան հա­ւա­քած է «վարձ­կան­ներ եւ օտա­րերկր­եայ մար­տիկ­ներ ար­տերկ­րէն»: Ինչ­պէս յայտ­նի է, ասի­կա նոյնն է, ինչ ըրած  է Ատր­պէյ­ճան:
6) Ալի­եւ ստեց նա­եւ այն մա­սին, որ հա­յե­րը մաս­նակ­ցած են «քա­ղաք­նե­րու եւ գիւ­ղե­րու ամ­բող­ջա­կան ոչն­չաց­ման, նե­րառ­եալ ատր­պէյ­ճա­նա­կան ժո­ղո­վուր­դի մշա­կու­թա­յին եւ կրօ­նա­կան ժա­ռան­գու­թիւնը»: Ճշ­մար­տու­թիւնը ճիշդ հա­կա­ռակն է:
7) Ալի­եւ յայ­տա­րա­րեց, որ Ատր­պէյ­ճան «դա­տա­կան ..գոր­ծըն­թաց­ներ սկ­սած է (օտա­րերկր­եայ ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու) դէմ՝ նա­խա­պէս  գրաւ­ուած  հո­ղե­րու մէջ մեր բնա­կան պա­շար­նե­րու անօ­րի­նա­կան շա­հա­գործ­ման հա­մար»: Յու­սանք, որ այս ըն­կե­րու­թիւն­նե­րը կը հա­կազ­դեն՝ հայ­ցեր ներ­կա­յաց­նե­լով Ատր­պէյ­ճա­նի դէմ՝ իրենց ու­նեց­ուած­քը բռ­նագ­րա­ւած ըլ­լա­լուն հա­մար:
8) Անուղ­ղակի­օ­րէն ըն­դու­նե­լով, որ Ատր­պէյ­ճան ոտնձ­գու­թիւն կա­տա­րած է Հա­յաս­տա­նի տա­րածք­նե­րու նկատ­մամբ, Ալի­եւ կը յո­խոր­տար, որ «եր­կի­րը այն­քան թուլ­ցած է, որ նոյ­նիսկ չի կր­նար ինք­նու­րոյն պաշտ­պա­նել իր սահ­ման­նե­րը»:
9) Հա­յաս­տա­նի, Ատր­պէյ­ճա­նի եւ Ռուս­իոյ կող­մէ բո­լոր ռազ­մա­գե­րի­նե­րը ազատ ար­ձա­կե­լու մա­սին 9 Նո­յեմ­բե­րին ստո­րագր­ուած հա­մա­ձայ­նագ­րին հե­տե­ւե­լու փո­խա­րէն, Ալի­եւ պա­հան­ջեց, որ Հա­յաս­տան «մե­զի տրա­մադ­րէ բո­լոր ազա­տագր­ուած տա­րածք­նե­րու ական­նե­րուն ճշգ­րիտ քար­տէզնե­րը»: 9 Նո­յեմ­բե­րի հա­մա­ձայ­նագ­րին մէջ նման պա­հան­ջի մա­սին որե­ւէ յի­շա­տա­կու­թիւն չկայ:
10) Այս բո­լոր սու­տերն ու մնաց­եալ­նե­րը, որոնք չա­փա­զանց շատ են յի­շա­տա­կե­լու հա­մար, ըսե­լէ ետք, Ալի­եւ դեռ հա­մար­ձա­կու­թիւնը ու­նի յոր­դո­րե­լու Հա­յաս­տա­նը՝ ստո­րագ­րե­լու «խա­ղա­ղու­թեան պայ­մա­նա­գիր…  միմ­եանց ինք­նիշ­խա­նու­թեան եւ տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նութ­եան փո­խա­դարձ ճա­նաչ­ման հի­ման վրայ»: Այս­պի­սով, ան կը ձգ­տի Հա­յաս­տա­նի՝ Ար­ցա­խէն լի­ա­կա­տար հրա­ժար­ման:
Վար­չա­պետ Փա­շին­եան ՄԱԿ-ի մէջ ելոյթ ու­նե­ցաւ 24 Սեպ­տեմ­բե­րին։ Ան սկ­սաւ՝ յայ­տա­րա­րե­լով, որ «2020 թուա­կա­նի աշ­նան, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղը են­թարկ­ուե­ցաւ  յար­ձակ­ման…  (որ) կ’ու­ղեկց­ուէր ատր­պէյ­ճա­նա­կան զին­ուած ու­ժե­րու կող­մէ մի­ջազ­գա­յին օրէն­քի բազ­մա­թիւ կո­պիտ խախ­տում­նե­րով, որոնց շար­քին՝ բնակ­չու­թիւնն ու  կեն­սա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող են­թա­կա­ռոյց­նե­րը դի­տա­ւոր­եալ թի­րա­խա­ւո­րե­լով, ռազ­մա­գե­րի­նե­րու եւ քա­ղա­քաց­ի­ա­կան պա­տանդ­նե­րու ոչ դա­տա­կան մա­հա­պա­տիժ­նե­րով, անոնց նկատ­մամբ իրա­կա­նաց­ուած խոշ­տան­գում­նե­րով եւ բազ­մա­թիւ այլ փաս­տագր­ուած յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րով։ Այս գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու հե­տե­ւան­քով Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի այն հատ­ուած­նե­րուն մէջ, որոնք ին­կած են Ատր­պէյ­ճա­նի վե­րահս­կո­ղութ­եան տակ, հայ ժո­ղո­վուր­դը են­թարկ­ուած է ցե­ղա­յին ամ­բող­ջա­կան զտ­ման»։
Փա­շին­եան շա­րու­նա­կեց ընդգ­ծել Հա­յաս­տա­նի ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան վար­կա­նի­շը՝ ապար­դիւն յու­սա­լով, որ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւնը տպա­ւոր­ուած կ’ըլ­լայ եւ դրա­կան քայ­լեր կ’առ­նէ եր­կի­րը Ատր­պէյ­ճա­նի  յար­ձա­կում­նե­րէն  պաշտ­պա­նե­լու հա­մար: Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պե­տը նա­եւ խօ­սե­ցաւ իր երկ­րի՝ դրա­ցի­նե­րուն հետ խա­ղա­ղու­թեան պատ­րաստ ըլ­լա­լուն մա­սին՝ կր­կին յոյս ու­նե­նա­լով, որ ՄԱԿ-ի ան­դամ եր­կիր­ներ կ’աջակ­ցին: Կար­ծես թէ ան չի գի­տակ­ցիր, որ աշ­խար­հի հա­մար կա­րե­ւո­րու­թիւն չու­նին նման նր­բու­թիւն­ներ: Մի­ակ բա­նը, որ աշ­խարհ կը յար­գէ՝ ուժն է:
Այ­նու­հե­տեւ Փա­շին­եան դա­տա­պար­տեց Ատր­պէյ­ճա­նը՝ Պաք­ուի մէջ հայ ռազ­մա­գե­րի­ներ պա­տանդ պա­հե­լուն հա­մար եւ խօ­սե­ցաւ ատր­պէյ­ճա­նա­կան տե­սա­նիւ­թե­րու մա­սին, որոնք ցոյց կու տան «այս զի­նուոր­նե­րու գլ­խատ­ուած կամ գն­դա­կա­հար­ուած մար­մին­նե­րը»։
Փա­շին­եան նա­եւ նշեց Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի մի­ջեւ «փո­խադ­րու­թեան  կա­պե­րու վե­րա­բաց­ման» մա­սին: Ան մի­ամ­տօ­րէն աւել­ցուց, որ «եթէ բաց­ուի նա­եւ Թուրք­ի­ան Հա­յաս­տա­նին կա­պող եր­կա­թու­ղին, տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին հա­ղոր­դակ­ցու­թիւն­նե­րու բաց­ման թե­ման շատ աւե­լի մեծ շր­ջա­նակ­ներ կ’ու­նե­նայ»:
Վար­չա­պե­տը  ան­գամ մը եւս առա­ջար­կեց՝ «վերսկ­սիլ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման խա­ղաղ գոր­ծըն­թա­ցը՝ ԵԱՀԿ Մինս­քի խում­բի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու հո­վանի­ին տակ»: Ցա­ւօք, այս գոր­ծըն­թա­ցը փա­կու­ղի մտած է, քա­նի որ Ալի­եւ կը պն­դէ, որ լու­ծած է Ար­ցա­խի հար­ցը ու­ժով եւ կա­րիք չու­նի այդ  նիւ­թով մաս­նակ­ցե­լու որե­ւէ յա­ւել­եալ բա­նակ­ցութ­եան:
Փա­շին­եան «ցա­ւով» նշեց, որ Ատր­պէյ­ճա­նի ու­ժե­րը հա­տե­ցին Հա­յաս­տա­նի սահ­ման­նե­րը 12 Մա­յիս 2021-ին եւ մեր­ժե­ցին հե­ռա­նալ: Ան առա­ջար­կեց, որ եր­կու եր­կիր­նե­րը ետ քաշ­ուին «խորհր­դա­յին ժա­մա­նակ­նե­րու սահ­մա­նէն» եւ հրա­ւի­րեն «մի­ջազ­գա­յին դի­տորդ­ներ», սահ­մա­նին վրայ կանգ­նե­լու հա­մար: Ան­հասկ­նա­լի է, թէ ին­չո՞ւ Հա­յաս­տան պէտք է ետ քաշ­ուի իր սե­փա­կան սահ­ման­նե­րէն…:
Դժ­բախ­տա­բար, գե­ղե­ցիկ բա­ռե­րը մեծ նշա­նա­կու­թիւն չու­նին գործ­նա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ: Աշ­խարհ կը հա­ւա­տայ միայն ու­ժին: Մինչ Ատր­պէյ­ճան եւ Թուրք­իա կը խօ­սին ու­ժե­ղի դիր­քե­րէ, Հա­յաս­տան ստիպ­ուած է են­թարկ­ուիլ աւե­լի հզօր ու դա­ժան իր թշ­նա­մի­նե­րու պար­տադ­րան­քին:
Յարութ Սասունեան