Միացեալ Նահանգներու Հայաստանի նորանշանակ դեսպան Լիլիթ Մակունց ոստիկանութիւն կանչած է՝ երիտասարդ դաշնակցականներու բողոքի լուռ ցոյցը ցրելու համար: Մակունց Ուաշինկթընի ՀՀ դեսպանատան մէջ Հայաստանի 30-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւն կազմակերպած էր: Դուրսը հաւաքուած էին երիտասարդ դաշնակցականները՝ ներսը տեղի ունեցող նախաձեռնութիւնը որակելով վիրաւորական, երբ հայ ռազմագերիները տակաւին Պաքուի մէջ են: Ցոյցի մասնակիցներուն պնդումով, այս հարցը պէտք է առաջնահերթ ըլլար: Նախ դեսպանատան աշխատակիցները խնդրած են հաւաքուողներէն հեռանալ: Չեն գացած՝ պնդելով, որ ոչ մէկ օրէնք խախտած է: Յետոյ դեսպանատունը գաղտնի ծառայութիւններու աշխատակիցները հրաւիրած է՝ հաւաքուողները հեռացնելու համար: Ի դէպ, երբ երիտասարդները հարց տուած են, թէ արդեօք իրենք խախտա՞ծ են որեւէ օրէնք, ոստիկանները բացասական պատասխան տուած են։