Եր­կու­շաբ­թի, 4 Հոկ­տեմ­բեր 2021-ին, Սուր­իոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի օգ­նա­կան դոկտ. Այ­ման Սու­սան լի­բա­նան­եան «Ալ Մա­նար» պատ­կե­րաս­փիւ­ռա­յին կա­յա­նին հետ ու­նե­ցած հար­ցազ­րոյ­ցին ըն­թաց­քին ըսաւ, որ Սուր­իա պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն կը յայտ­նէ բո­լոր կող­մե­րուն հետ իր յա­րա­բե­րու­թիւնը վե­րա­հաս­տա­տե­լու, մեկ­նե­լով իր սկզ­բունք­նե­րէն, եւ ոչ թէ որե­ւէ կողմ գո­հաց­նե­լու նպա­տա­կէն։ Սու­սան աւելց­նե­լով ըսաւ, որ Սուր­իա հա­ղոր­դակ­ցու­թիւն սկ­սած է վե­րա­հաս­տա­տել զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու հետ, շեշ­տե­լով, որ նա­խա­գահ Պաշ­շար ալ Ասա­տին եւ Յոր­դա­նա­նի թա­գա­ւոր Ապ­տալ­լա Բ.-ի մի­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցած հե­ռա­ձայ­նա­յին հա­ղոր­դակ­ցու­թիւնը Ամ­մա­նի եւ Նիւ Եոր­քի մէջ յոր­դա­նան­ցի եւ սուր­ի­ա­ցի քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րու մի­ջեւ գո­յա­ցած զա­նա­զան հան­դի­պում­նե­րու ար­դիւնք էր եւ եր­կու բա­րե­կամ եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ բնա­կա­նոն յա­րա­բե­րու­թեան վե­րա­կանգ­նում։ Այս առի­թով ան նա­խա­տե­սեց նա­խա­գահ Ասա­տին եւ Ապ­տալ­լա Բ. – ին մի­ջեւ հան­դի­պում մը։
Անդ­րա­դառ­նա­լով ռուս եւ իրան­ցի դաշ­նա­կից­նե­րուն, Սու­սան ըսաւ. «Ռուս­իա եւ Իրան Սուր­իոյ դաշ­նա­կից պե­տու­թիւն­ներ են։ Անոնք կա­րե­ւոր դեր ու­նե­ցան Սուր­իոյ ահա­բեկ­չու­թեան դէմ ար­ձա­նագ­րած յաղ­թա­նա­կին մէջ։ Հոս կ’ու­զեմ շեշ­տել նա­եւ լի­բա­նան­եան Դի­մադ­րու­թեան կա­րե­ւոր դե­րը եւ զօ­րակ­ցու­թիւնը սուր­ի­ա­կան բա­նա­կին»։ Սէ­ու­տա­կան Արաբ­իոյ եւ թր­քա­կան կող­մե­րուն մա­սին խօ­սե­լով Սու­սան ըսաւ, որ տա­րա­ծաշր­ջա­նի պե­տու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բա­րե­լա­ւու­մը դրա­կան երե­ւոյթ է։ Ան շեշ­տեց, որ Սէ­ու­տա­կան Արաբ­ի­ան, ինչ­պէս Իրա­նը, տա­րա­ծաշր­ջա­նի մէջ կա­րե­ւոր դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նի։ Ապա աւելց­նե­լով ըսաւ. «Սուր­ի­ան ոչ մէկ պե­տու­թեան հան­դէպ թշ­նա­մա­կան կեց­ուածք ու­նի, ընդ­հա­կա­ռակն. կը փա­փա­քի արա­բա­կան եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը բա­րե­լաւ­ուած տես­նել, որով­հե­տեւ այդ մէ­կը արա­բա­կան բո­լոր պե­տու­թիւն­նե­րուն դիր­քը կ’ամ­րապն­դէ»։ Սուր­իոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րին օգ­նա­կա­նը եզ­րա­փա­կե­լով ըսաւ. «Տա­րա­ծաշր­ջա­նի մա­կար­դա­կով եթէ որե­ւէ դրա­կան փո­փո­խու­թիւն տե­ղի ու­նե­նայ, Սուր­իոյ ար­ձա­նագ­րած յաղ­թա­նա­կին շնոր­հիւ պի­տի ըլ­լայ։ Կա­րե­լի է ըսել, որ Սուր­ի­ան պա­տե­րազ­մը յաղ­թա­նա­կով եզ­րա­փա­կե­լու սե­մին է»։