«Ապառաժ».-Արցախ գտնուող Հայ Օգնութեան Միութեան ԱՄՆ Արեւմտեան ափի Շրջանային վարչութեան անդամները եւ գրասենեակի տնօրէն Ժասմէն Պունիաթեան 8-9 Հոկտեմբերին  այցելած են Ստեփանակերտի, Աշանի, Ակնաբերդի մէջ գործող ՀՕՄ-ի «Սօսէ» մանկապարտէզներ, Քերոլայն Քօքսի անուան վերականգնողական կեդրոն, ներկայ գտնուած են Ստեփանակերտի Սայաթ-Նովայի անուան երաժշտական ուսումնարանէն ներս կազմակերպուած համերգին:

«Փափաքեցանք ամբողջական կազմով այցելել եւ ականատես ըլլալ մեր բոլոր ծրագիրներուն, անձամբ օժանդակելու, մեր օգնութիւնը բերելու մանաւանդ մեր հովանաւորած մանկապարտէզներուն եւ աշակերտներուն», «Ապառաժ»-ի հետ զրոյցին ըսած է ՀՕՄ-ի ԱՄՆ Արեւմտեան շրջանի վարչութեան ատենապետուհի Սիլվա Փօլատեան:

Նախքան Արցախ այցելելը Հայաստանի շրջանային վարչութեան հետ  հանդիպած են, իսկ Երեւան վերադառնալէ վերջ կը նախատեսեն այցելել ծերանոցներ, վիրաւոր զինուորներու վերականգնողական կեդրոն:

Սիլվա Փօլատեանի խօսքին համաձայն, վարչութեան բոլոր անդամները յուզուած են, բայց առաւելագոյնը պիտի ընեն «Մեր ժողովուրդին, մեր զաւակներուն կողքին կանգնելու համար»:

«Մօտիկէն տեսանք երեխաները, ծանօթացանք տարբեր ընտանիքներու  ընկերային պայմաններուն եւ փորձեցինք մեր կարելիութեան սահմաններու մէջ օգտակար ըլլալ, ուժ տալ անոնց, որ շարունակեն պայքարը», ըսած է ան:

«Ականտես ըլլալով, թէ ժողովուրդը այստեղ ինչ կեանքով կ’ապրի, ինչ մարտահրաւէրներ  կը յաղթահարէ, մեր ըրածը ոչինչ կը համարենք այստեղի ժողովուրդին հետ համեմատելով: Համոզուած եմ, որ ամբողջ կազմը փոխուած է ետ վերադառնալէ վերջ: Ասյտեղի ժողովուրդին ոգիով ներշնչուած եւ փոխուած ենք  վերադառնալէ վերջ եւ պիտի ոգեւորենք Սփիւռքի ընկերուհիները, որ աւելի զօրաւոր կանգնին Հայաստան- Արցախի կողքին: Մենք մղիչ ուժը պէտք է ըլլանք, որ Սփիւռքը աւելի մեծ ուժով միանայ մեր բոլոր ծրագիրներուն», ըսած է վարչութեան ատենապետուհին: