“Արմէնփրէս”._Պաշտօնական այցելութեամբ Վատիկան գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այցելած է Սուրբ Աթոռի մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդ եւ հանդիպում ունեցած է քահանայապետական խորհուրդի նախագահ, քարտինալ Ճանֆրանքօ Ռավազիի հետ: Հանդիպումին քննարկուած են Հայաստանի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ փոխգործակցութեան եւ միջեկեղեցական յարաբերութիւններու զարգացման վերաբերող հարցեր: Նախագահ Սարգսեան ընդգծած է, որ Հայաստանի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ մշակութային, կրթական եւ պատմական ժառանգութեան պահպանման ոլորտներու մէջ գործակցութիւնը խորացնելու մեծ ներուժ կայ։ Զրուցակիցները գոհունակութեամբ արձանագրած են միջեկեղեցական յարաբերութիւններու հարուստ օրակարգը եւ կարեւոր համարած են անոնց շարունակականութեան ապահովումը, ինչպէս նաեւ՝ երկու երկիրներու պատմամշակութային ու քաղաքակրթական ընդհանրութիւնները արտացոլող միատեղ ձեռնարկներու իրականացումը։ Անդրադառնալով Հայաստանի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ միջպետական յարաբերութիւններու զարգացման՝ Հայաստանի նախագահն ու քարտինալ Ճանֆրանքօ Ռավազին յայտնած են, որ այցելութեան ընթացքին ստորագրուող՝ մշակոյթի ոլորտի գործակցության մասին փոխըմբռնման յուշագիրը կարելիութիւն կու տայ միատեղ հետազօտութիւններ իրականացնելու պատմական եւ մշակութային կարեւոր նշանակութիւն ունեցող հարցերու մասին։ Հանդիպումին յաջորդած է Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Մարմնակրթութեան Նախարարութեան ու Սուրբ Աթոռի մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդին միջեւ մշակոյթի ոլորտի գործակցության մասին փոխըմբռնման յուշագիրի ստորագրումը, որ հայկական կողմէն ստորագրած է Սուրբ Աթոռի ՀՀ դեսպան Կարէն Նազարեան, Սուրբ Աթոռի կողմէն՝ Մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդի քարտուղար Փօլ Թայկըն։