«Ակունք».-Իգտիրի մէջ գտնուող հայկական պատմական տուները կը վերանան անխնամ վիճակի մէջ ըլլալու հետեւանքով: Աղբիւրին համաձայն, Իգտիրի Սէօղիւթլիւ թաղամասին մէջ 19-րդ դարուն կառուցուած տուները իրենց վերջին օրերը կ’ապրին: Այդ պատմական կառոյցներէն մէկուն պատուհանի վերի բաժինը 1908-ին թուագրուած արձանագրութիւն զետեղուած է: Աղբիւրը նշած է, թէ «հայկական տուներ» անուան տակ յայտնի շինութունները վերածուած են աղբակոյտի, իսկ տուների պատերուն գրութիւններ եղած են: Աղբիւրը յայտնած է, որ թէեւ Իգտիրի Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան տնօրինութիւնը 2013-ին քաղաքի պատմական տուները պահպանութեան նպատակով 12 տուն գրանցած էր, սակայն մինչեւ օրս որեւէ աշխատանք չէ ձեռնարկած այդ ուղղութեամբ: