«Երկիր».-Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան կողմէն տարածուած «լուրը», որուն համաձայն, 13 Հոկտեմբերին Երեւանի ժամով ժամը 14:00-ի սահմաններուն ՊԲ-ի ուժերը, իբրեւ թէ կրակ բացած են «ոչ զինուորական բեռներ» տեղափոխող ինքնաշարժներուն ուղեկցող ատրպէյճանական զինուորական ոստիկանութեան ինքնաշարժին վրայ եւ վնասած են զայն, լրիւ ապատեղեկատուութիւն , եւ կը միտի ոչ միայն արհեստական լարուածութիւն ստեղծել տարածաշրջանին մէջ, այլեւ ստուերի մէջ ձգել ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան նշանակութիւնը: «ՊԲ-ի ստորաբաժանումները ամբողջովին հաւատարիմ կը մնան հրադադարի պահպանման վարչակարգին», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: