8, 9 եւ 10 Հոկ­տեմ­բեր 2021-ին, Ազգ. Քա­րէն Եփ­փէ ճե­մա­րա­նէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ աւան­դա­կան քեր­մէ­սը, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Ազգ. Քա­րէն Եփ­փէ Ճե­մա­րա­նի Շր­ջա­նա­ւա­րա­տից Միութ­եան:
Քերմէսի նախորդող շաբթ­ուան ըն­թաց­քին միու­թիւնը կը պատ­րաստ­ուէր խան­դա­վա­ռութեամբ ու մի­աս­նա­կան աշ­խա­տանք­նե­րով: Ազգ. Քա­րէն Եփ­փէ Ճե­մա­րա­նի փա­կը եռու­զեր կար:
Բո­լոր հայ­կա­կան դպ­րոց­նե­րու աշա­կերտ­նե­րուն բաժն­ուե­ցան առա­ջին օր­ուան մուտ­քի անվ­ճար տոմ­սերը:
Քեր­մէ­սը ամէն տա­րի կ’ու­նե­նայ յա­տուկ խո­րա­գիր մը։ Այս տար­ուան խո­րա­գի­րը LEGO-ն էր եւ ամ­բողջ շր­ջա­փա­կը զար­դար­ուած էր LEGO շար­ժա­պատ­կե­րի հե­րոս­նե­րուն նկար­նե­րով եւ ար­ձան­նե­րով։
Քեր­մէ­սը կ’ընդգր­կէր զա­նա­զան մտա­յին եւ ժա­ման­ցա­յին խա­ղեր, բո­լոր տա­րի­քի  պա­տա­նի­նե­րուն  կող­մէ սիր­ուած վա­խի զգա­ցում արթնց­նե­լու, ինչ­պէս նա­եւ ու­տե­լի­քի եւ դի­մա­յար­դար­ման տա­ղա­ւար­նե­րը: Անոր աշ­խա­տանք­նե­րուն մասն­ակ­ցող­նե­րը հա­գած էին նոյ­նան­ման գա­զակ­ներ, որոնց ետե­ւի բա­ժի­նը տպ­ուած էր՝ «Հա­յաս­տա­նը ամէն բա­նէ վեր է» կար­գա­խօ­սը՝ յի­շեց­նե­լու հա­մար այ­ցե­լու­նե­րուն, որ մենք պի­տի պայ­քա­րինք եւ նոյ­նիսկ պատ­րաստ ենք մեր կեան­քը զո­հե­լու յա­նուն Հա­յաս­տա­նի ապա­հո­վու­թեան:
Երեք օրե­րու տե­ւո­ղու­թեան ու­րախ եւ հա­ճե­լի մթ­նո­լորտ մը  կը տի­րէր շր­ջա­փա­կին մէջ, մա­նա­ւանդ փոք­րիկ­նե­րուն հա­մար, երբ առա­ջին օրը հան­դէս եկան իրենց սի­րե­լի Սո­նան, ծաղ­րա­ծուն, մե­ղուն, կա­տուն ու շնի­կը՝ հա­ճե­լի եր­գե­րու յայ­տա­գի­րով մը: Գե­ղար­ուես­տա­կան յայ­տա­գի­րը կը վա­րէր Ռատիօ Ժա­մի տաղաւարը, սփ­ռե­լով տար­ուան ամե­նա­սիր­ուած եր­գե­րը:
Միու­թեան վար­չու­թիւնը կի­րար­կած էր նա­եւ ծա­նու­ցում­նե­րու դրու­թիւնը, որ­պէս­զի Սուր­իոյ մէջ գոր­ծող եւ Սուր­իա­յէն դուրս գոր­ծող տար­բեր գոր­ծա­տէ­րեր ցու­ցադ­րեն իրենց աշ­խա­տանք­ներն ու այ­ցի քար­տե­րը։
Հարկ է նշել նա­եւ, որ քեր­մէ­սի մի­ջո­ցաւ հա­ւաք­ուած ամ­բողջ գու­մա­րը պի­տի յատ­կաց­ուի Ազգ. Քա­րէն Եփ­փէ Ճե­մա­րա­նի սա­նե­րուն եւ պա­տե­րազ­մի հե­տե­ւան­քով շէն­քի կրած կա­ռու­ցա­յին վնաս­նե­րու բա­րե­կար­գու­մին:
Արփի Գէորգեան