Չո­րեք­շաբ­թի, 13 Հոկ­տեմ­բեր 2021-ին, ՍԱ­ՆԱ հա­ղոր­դեց, որ Պելկ­րա­տի մէջ գու­մար­ուած ան­կողմ­նա­կալ  պե­տու­թիւն­նե­րու յա­տուկ խորհր­դա­ժո­ղո­վի շր­ջա­գի­ծին մէջ, Սուր­իոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար դոկտ. Ֆայ­սալ ալ Մըք­տատ հան­դի­պում ու­նե­ցաւ լի­բա­նան­ցի պաշ­տօ­նա­կից Ապ­տալ­լա Պու Հա­պի­պին հետ։
Կող­մե­րը խորհր­դակ­ցե­ցան եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման շուրջ։
 Նա­խա­րար Մըք­տատ Սուր­իոյ նա­խան­ձախնդ­րու­թիւնը յայտ­նեց Լի­բա­նա­նի բար­գա­ւաճ­ման եւ բա­րե­լաւ­ման գծով։ Նա­խա­րար Մըք­տատ Սուր­իոյ պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւնը յայտ­նեց այ­լաբ­նոյթ օգ­նու­թիւն տրա­մադ­րե­լու Լի­բա­նա­նի եղ­բայր ժո­ղո­վուր­դին, որ­պէս­զի շր­ջան­ցէ ներ­կայ դժ­ուար պայ­ման­նե­րը։
Իր կար­գին, նա­խա­րար Պու Հա­պիպ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Սուր­իոյ՝ Լի­բա­նա­նի զօ­րակ­ցութ­եան հա­մար՝ յատ­կա­պէս կեն­սու­ժի հար­ցով։
Նա­խա­րար­նե­րը զրու­ցե­ցին սուր­ի­ա­ցի տե­ղա­հան­ուած­նե­րուն Սուր­իա տուն­դար­ձի կա­րե­լիու­թիւն­նե­րուն շուրջ։ Այս առի­թով նա­խա­րար Մըք­տատ շեշ­տեց, որ Սուր­իա տար­բեր եր­կիր­ներ հաս­տատ­ուած սուր­ի­ա­ցի տե­ղա­հան­ուած­նե­րուն դիւ­րու­թիւն­ներ կը տրա­մադ­րէ, որ­պէս­զի վե­րա­դառ­նան եւ շա­րու­նա­կեն իրենց կեան­քը իրենց երկ­րին մէջ։
Նա­խա­րար Մըք­տատ կոչ ուղ­ղեց մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն՝ տե­ղա­հան­ուած­նե­րուն հան­դէպ իրենց պար­տա­կա­նու­թիւ­նը լի­ո­վին կա­տա­րե­լու եւ չխո­չըն­դո­տե­լու անոնց տուն­դար­ձը։
Հան­դի­պու­մին ներ­կայ գտն­ուե­ցան Սուր­իոյ ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ­նա­խա­րար դոկտ. Պաշ­շար ալ Ճա­ա­ֆա­րի, նա­խա­րա­րու­թեան անձ­նա­կան գրա­սեն­եա­կի տնօ­րէն դոկտ. Ապ­տալ­լա Հալ­լաք, Պելկ­րա­տի մէջ Սուր­իոյ Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պա­նա­տան գոր­ծե­րու յանձ­նա­կա­տար դոկտ. Ամ­մար Աուատ եւ Պելկ­րա­տի մէջ սուր­ի­ա­կան դես­պա­նա­տան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ամիտ Համ­տան։