«Երկիր».- Կիւմրիի մէջ տեղի ունեցած ՏԻՄ ընտրութիւններու նախնական արդիւնքները յայտնի են: Բոլոր 82 ընտրատեղամասու մէջ աւարտած է ձայներու հաշուարկը: «Բալասանեան» դաշինքը ստացած է ձայներու 36, 58 տոկոսը, ՔՊ-ը 29, 56 տոկոս, «Զարթօնք» կուսակցութիւնը` 10, 60 տոկոս, «Ապրելու Երկիրը»` 5:65, իսկ ՀՀԿ-ը 5, 06 տոկոս: Նշենք, որ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը պարտուած է նաեւ Գորիս եւ Մեղրի համայնքներու մէջ: Կիւմրիի մէջ գրանցուած է ամենացած մասնակցութեան մակարդակը, իրարու հետ կը մրցէին 10 քաղաքական ուժեր: