“Երկիր”._10 Նոյեմբերին ՄԱԿ-ի ՀՀ մշտական ներկայացուցչութեան մէջ դեսպան Մհեր Մարգարեան հանդիպում ունեցած է ԱՄՆ-ի մէջ աշխատանքային այցելութեամբ գտնուող Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արտակ Պեգլարեանի հետ։ Հանդիպումին անդրադարձ կատարուած է ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի ներգրաւումի հիմնական ուղղութիւնները։ Քննարկուած են Արցախի դէմ ծառացած մարտահրաւէրներուն միջազգային հանրութեան արձագանգին առնչուող հարցեր։