Ներկայիս Թուրքիոյ Հանրապետութեան սահմաններուն մէջ գտնուող հայկական Մշոյ Սուրբ Առաքելոց այցելած շարք մը քաղաքացիներ, որոնց մէջ եղած է նաեւ «1071 Ալփարսլան» միութեան նախագահ Թուրկայ Օզլիւն, տեղւոյն իշխանութիւններուն կոչ ուղղած են վերականգնելու Մշոյ Սուրբ Առաքելոց կիսաւեր վանքը։ Այդ մասին հաղորդած է Akunq.net-ը՝ հիմնուելով «Անատոլու» թրքական լրատուական գործակալութեան հրապարակումին վրայ։ Աղբիւրի փոխանցումով՝ թուրք քաղաքացիները շրջած են գանձագողերու կողմէն աւերուած հայկական եկեղեցւոյ մէջ եւ փափաք յայտնած են, որ պատմական յուշարձանը վերանորոգուի՝ տուեալ շրջանի զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու նկատառումով։ «1071 Ալփարսլան» միութեան նախագահը գործակալութեան թղթակիցի հետ զրոյցին յատկապէս յայտնած է․ «Իբրեւ քաղաքացիական հասարակական կազմակերպութիւն՝ առիթ ունեցանք այցելելու այս վայրը, ուր ուսումնասիրութիւններ կատարեցինք։ Եկեղեցին ներկայիս աւերակ վիճակի մէջ է, որուն հիմնական պատճառը գանձ որոնողներու եւ անգիտակից մարդոց վերաբերմունքն է։ Կը խնդրենք, որ նմանատիպ տեսարժան վայրերը վերանորոգուին՝ զբօսաշրջութեան զարգացումին զարկ տալու համար»։ Թրքական պետական գործակալութիւնը, բնականաբար, չէ նշած վանքին հայկական ըլլալու փաստը։ Յիշենք, որ Մշոյ Սուրբ Առաքելոց վանքը, որ ներկայիս կը գտնուի Մուշ նահանգի կեդրոնին ենթակայ Քեպենէք (Արաք) գիւղին մէջ, հիմնուած է 4-րդ դարուն Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի կողմէն։ Մշոյ Սուրբ Առաքելոցը նախքան 1915 Հայոց Ցեղասպանութիւնը տուեալ շրջանի ամենանշանաւոր սրբավայրերէն մէկն էր։ Վանքը 1960_ին պայթուցիկով կորուստի մատնուած է Մշոյ նահանգապետարանի կողմէն, որուն հետեւանքով այս վանական համալիրէն մեր օրերը հասած են միայն 2 եկեղեցի։ Վանքը վերանորոգուած է 1125_ին։ Վանքի արեւելեան կողմը 9 խաչքարեր կային։ 1915_ի Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ թուրքերը յարձակած են վանքին վրայ եւ սպանած են եկեղեցւոյ վերջին սպասաւոր Յովհաննէս Վարդապետ Մուրատեանը։

https://www.haberler.com/mus-ta-tahrip-olan-kiliseyi-turizme-kazandiralim-14542993-haberi/

Թարգմանեց Մելինե Անումյանը Akunq.net