Ամե­րի­կա­ցի հա­յա­մէտ ծե­րա­կու­տա­կան Պոպ Մե­նեն­տես օրի­նա­գիծ մը ներ­կա­յա­ցու­ցած է Ծե­րա­կոյ­տի քն­նարկ­ման, որով կոչ  կ’ուղղ­ուի ԱՄՆ-ի կող­մէ Թուրք­իոյ չվա­ճառ­ուած F-35 գեր­ժա­մա­նա­կա­կից կոր­ծա­նիչ­նե­րը փո­խան­ցել Յու­նաս­տա­նին:
Ըստ թր­քա­կան լրատ­ուա­մի­ջոց­նե­րու, օրի­նա­գի­ծը ար­դէն ներ­կա­յաց­ուած է Ծե­րա­կոյ­տի քն­նարկ­ման: Գալ շա­բաթ ան  քն­նար­կու­մի կը դր­ուի:
Յի­շենք, որ թր­քա­կան լրատ­ուա­մի­ջոց­ներ ան­հանգս­տա­ցած  են Մե­նեն­տե­սի ներ­կա­յա­ցու­ցած վե­րոնշ­եալ օրի­նա­գի­ծէն՝ նկա­տի առ­նե­լով վեր­ջին շր­ջա­նին թուրք-յու­նա­կան լար­ուած յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը:
Շարք մը աղ­բիւր­ներ կը կար­ծեն, որ եթէ Յու­նաս­տա­նին փո­խանց­ուին այդ կոր­ծա­նիչ­նե­րը, յու­նա­կան զին­ուած ու­ժե­րը օդա­յին գե­րա­կա­յու­թիւն կ’ու­նե­նան Էգէ­եան ծո­վու աւա­զա­նին մէջ թր­քա­կան կող­մին նկատ­մամբ:
Յի­շեց­նենք, որ ամե­րիկ­եան կոր­ծա­նիչ­նե­րը Թուրք­իոյ չվա­ճառ­ուե­ցան, քա­նի որ Ան­գա­րան Ռու­սաս­տա­նէն ձեռք բե­րած էր S-400 զե­նի­թահր­թի­ռա­յին ՀՕՊ (Հա­կա­օ­դա­յին Պաշտ­պա­նու­թեան) հա­մա­կար­գեր, որուն հե­տե­ւան­քով Ուա­շինկ­թըն կի­րա­ռեց պատ­ժա­մի­ջոց­ներ:
Պատ­ժա­մի­ջոց­նե­րէն մէ­կուն հե­տե­ւան­քով Թուրք­իա չս­տա­ցաւ ամե­րիկ­եան վե­րոնշ­եալ կոր­ծա­նիչ­նե­րը: Ան­գա­րա նա­եւ դուրս մղ­ուե­ցաւ այդ կոր­ծա­նիչ­նե­րուն ար­տադ­րու­թեան ծրա­գի­րէն: