«Երկիր Մետիա».-Ատրպէյճանի սադրանքը Սալոնիկի մէջ կը շարունակուի: Երկու օր առաջ քաղաքային հանրակառքերու վրայ սադրիչ «գովազդ» դրած էին: Այսօր նոյն քաղաքի հանրակառքերու կանգառներուն մէջ ատրպէյճանցիները նոյն գովազդը փակցուցած են: Յայտնած է ՀՅԴ Հայ Դատի Յունաստանի գրասենեակը:

Ի պատասխան այս սադրանքին` ՀՅԴ Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան անդամները «Հայաստանն ուժեղ է, Արցախն ուժեղ է» գրառումով, Արցախը խորհրդանշող Տատիկ-Պապիկ` Մենք ենք մեր սարերը յուշակոթողի պատկերով թռուցիկներ  փակցուցած եւ ամբողջութեամբ փակած են ատրպէյճանական գովազդը:

«Ատրպէյճանական քարոզչութիւնը սադրիչ «գովազդներով» կը շարունակէ նսեմացնել Սալոնիկ քաղաքը: Կը պահանջենք անյապաղ դադարեցնել այս խղճուկ քարոզչութիւնը: Բայց մինչ այդ մենք կը ստանձնենք մարտահրաւէրը:

Յունաստանի «ատրպէյճանական բարեկամութեան» պարոնայք, Յունաստանի հայ երիտասարդութիւնը միշտ ձեր առջեւ պիտի ըլլայ:

Մենք երբեք թոյլ պիտի չտանք, որ հայ ժողովուրդի պատմութիւնը արատաւորուի նման անընդունելի ու տխրահռչակ գործողութիւններով: Սփիւռքի հայութեան հոգեբանութիւնը ոչ ոք կը խաթարէ: Մենք հպարտ ժողովուրդ ենք աշխարհի բոլոր անկիւններուն մէջ, եւ կը պահանջենք  ինչ որ իրաւամբ կը պատկանի Հայաստանին եւ Արցախին», յայտարարած է ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական միութիւնը:

Ինչպէս յայտնած էինք քանի մը օր առաջ Սալոնիկի քաղաքային հանրակառքերուն վրայ փակցուած է հայկական պատմական Շուշի քաղաքի պատկերով գովազդ «Շուշին Ատրպէյճան է» գրառումով: Գովազդները հանուեցան Հայաստանի դեսպանութեան, ներհամայնքային կառոյցներու, յունահայկական առեւտուրի պալատի եւ ՀՅԴ Հայ Դատի Յունաստանի յանձնախումբին ջանքերով: Այսօր դեսպանատան տարածած հաղորդագրութեան մէջ յիշուած է.

«Յունաստանի Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ այն բոլոր կառոյցներուն եւ անհատներուն, որոնք նպաստեցին Սալոնիկ քաղաքի մէջ ատրպէյճանական սադրանքի չէզոքացման երկու օր առաջ:

Դեսպանութիւնը նաեւ տեղեկացուած է, որ այսօր նմանատիպ քարոզչական սադրանք հրահրուած է նոյն ուժերու կողմէն նոյն քաղաքի հանրակառքի կանգառներէն մէկուն մէջ, որ անյապաղօրէն հեռացնելու նպատակով ձեռնարկուած են բոլոր քայլերը: ՀՀ դեսպանութիւնը կը դատապարտէ Յունաստանի մէջ ատրպէյճանական կազմակերպութիւններու աժանագին եւ անհեռանկարային քարոզչական սադրանքները»: