Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան Ազգային Ժողովի նիստերու մեծ դահլիճին մէջ մասնակցած է ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովին եւ հանդէս եկած է ելոյթով: Ելոյթին ԱԳ նախարարը անդրադարձած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւններուն, տարածաշրջանային զարգացումներուն, ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին: Իբրեւ ԱՀ արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւններ Դաւիթ Բաբայեան առանձնացուցած է հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը, Արցախի Հանրապետութեան տարածքներու բռնագրաւման, ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան համապարփակ եւ արդարացի կարգաւորումը, տարբեր երկիրներու եւ անոնց տուեալներուն հետ յարաբերութիւններու զարգացումն ու ընդլայնումը: Նախարարը շեշտած է, որ Արցախի ժողովուրդին եւ իշխանութիւններուն համար անընդունելի է Ատրպէյճանի կազմին մէջ որեւէ կարգավիճակ, որ կը նշանակէ Արցախի եւ հայոց պետականութեան կործանում: Առաջադրուած հարցերու արդիւնաւէտ լուծման համար արտաքին գործոց նախարարը կարեւոր համարած է Արցախի աշխարհաքաղաքական ենթարկելիութեան պահպանումը, համահայկական միասնականութիւնը, Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ Արցախին` իբրեւ ազգային գերագոյն արժէքի ընկալումը: Բաբայեան բարձր է գնահատած է Հայ Դատի գրասենեակներու կողմէն իրականացուող աշխատանքները, կառոյցի ներդրումը Արցախի զարգացման եւ զօրացման գործին մէջ: Նախարարը երախտագիտութիւն յայտնած է հայրենանուէր աշխատանքին համար` յոյս յայտնելով, որ ՀՅԴ Հայ Դատը նոյն եռանդով եւ նուիրումով կը շարունակէ իր աշխատանքը, եւ արցախակեդրոնութիւնը կը մնայ անոր գործունէութեան հիմնասիւներէն մէկը: Խորհրդաժողովի ընթացքին ԱԳ նախարարը նաեւ պատասխանած է ներկաներուն` արտաքին քաղաքականութեան ոլորտի մէջ առկայ մարտահրաւէրներուն եւ անոնց յաղթահարման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն մասին հարցերուն: Խորհրդաժողովին ելոյթներով հանդէս եկած են` Արցախի Ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Աշոտ Ղուլեան, Արցախի «Արդարութիւն» կուսակցութեան համանախագահ Յակոբ Յակոբեան, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի Առաջնորդ Վրթանէս Եպիսկոպոս Աբրահամեան, Ազգային Ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան: