«Արմէնփրէս».-Տիարպեքիրի Սուր գաւառի հայկական կաթողիկէ եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները աւարտած են: Այս մասին յայտնած է թրքական «Տողան» լրատուական գործակալութիւնը:

17-րդ դարու վերջաւորութեան կառուցուած Սուրբ Յովսէփ հայկական կաթողիկէ եկեղեցին լուրջ վնասներ կրած էր Տիարպեքիրի մէջ 2015-ին ծաւալուած թուրք-քրտական բախումներուն հետեւանքով: Եկեղեցւոյ վերականգնման աշխատանքները իրականացուցած է Թուրքիոյ հիմնադրամներու գլխաւոր վարչութիւնը:

Թուրքիոյ կաթողիկէ հայ համայնքի հոգեւոր առաջնորդ Լեւոն Արքեպիսկոպոս Զեքիյեան օծած է եկեղեցին, որմէ մօտաւորապէս 100 տարի անց առաջին անգամ հոն պատարագ  մատուցուած է:

Լեւոն Արքեպիսկոպոս Զեքիյեան թրքական լրատուական գործակալութեան յայտնած է, որ վերանորոգումէն վերջ եկեղեցին կրթական ու մշակութային նպատակներով 10 տարիով յատկացուած է Տիճլէի համալսարանին` պայմանով, որ հայ համայնքը հոն կրօնական արարողութիւններ իրականացնելու իրաւունք ունի: