7 Դեկտեմբերին ՆՍՕՏՏ Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը։ Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն, մասնաւորապէս հայրենիքի սահմաններուն եւ սահմանամերձ բնակավայրերուն մէջ յառաջացած անվտանգային խնդիրներուն, կարեւոր համարուեցաւ համընդհանուր ջանքերու մէկտեղումը՝ ի նպաստ առկայ հարցերու յաղթահարման եւ հայրենիքի զօրացման։ Զրոյցի ընթացքին խօսուեցաւ նաեւ Սփիւռքի համայնքներուն առկայ կացութեան և ազգային կառոյցներու կարեւոր առաքելութեան մասին ազգային ինքնութեան ու միասնականութեան պահպանման ի խնդիր։ Ընդգծուեցաւ նաեւ հայրենիք-սփիւռք կապերու առաւել ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը։