«Երկիր Մետիա».-10 Դեկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ 3+3 (Ռուսիա-Թուրքիա-Իրան-Հայաստան-Ատրպէյճան-Վրաստան) կամ 3+2 (առանց Վրաստանի) ձեւաչափով նախնական նիստը: Այս մասին 9 Դեկտեմբերին Ազգային ժողովին յայտարարեց Նիկոլ Փաշինեան` աւելցնելով, որ Հայաստան պիտի մասնակցի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալի մակարդակով:

«Առիթ ունեցած ենք քանի մը անգամ յայտարարելու, որ 3+3 ձեւաչափով կրնաննք հետաքրքրուած ըլլալ, եթէ պարզուի, որ այդ հարթակին մէջ պիտի չքննարկուին հարցեր, որոնց քննարկումին համար մենք ներգրաւուած ենք այլ ձեւաչափերու մէջ: Այդ հարցը մենք քննարկած ենք մեր գործընկերներուն, մասնաւորապէս` ռուս գործընկերներու հետ, եւ ունինք ազդակ, որ իրենք ալ կը բաժնեկցին այդ տեսակէտը»,  ըսած է Փաշինեան:

«Հայաստան պիտի մասնակցի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալի մակարդակով, որովհետեւ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալներու ձեւաչաթով տեղի պիտի ունենայ այդ նախահանդիպումը: Պէտք է քննարկուին հետագայ ընելիքները: Շարունակութիւնը` ըստ այդ քննարկման արդիւնքներուն», ըսած է Փաշինեան:

Նոյեմբերին ՀՀ փոխարտաքին գործոց նախարար Վահէ Գէորգեան Աժ-ի մէջ յայտարարած էր, որ 3+3 ձեւաչափին միանալու որոշումին մասին խօսիլը տակաւին կանուխ է: Տարածաշրջանային գործակցութեան  քանի մը առաջարկ  ստացած է Հայաստան, որոնցմէ  մէկն ալ 3+3-ն է: Բոլորը դիտարկումի փուլի մէջ են:

Հարաւային Կովկասի պետութիւններուն ու անոնց հարեւաններ Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի մասնակցութեամբ այս ձեւաչափը, որի հեղինակները կը համարուին Թուրքիան ու Ատրպէյճան, իսկ ըստ որոշ փորձագէտներուն` Իրան, Հայաստան կը դիտարկէ տարածաշրջանացման գործընթացով: Նշած էր Վահէ Գէորգեան:

Իսկ 19 Նոյեմբերին Վրաստանի ԱԳ նախարար Դաւիթ Զալքալիանին յայտնած էր, որ Վրաստան պիտի չմասնակցի «3+3» աշխարհաքաղաքական նախագիծին, գլխաւոր պատճառը` Ռուսիան է: