“Էրմէնիհապեր”._Թուրք դիւանագէտ, արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սերտար Քըլըչ պաշտօնապէս նշանակուած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ Թուրքիոյ շահերը ներկայացնող յատուկ բանագնաց: Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի ստորագրութեամբ հրամանը արդէն հրապարակուած է Թուրքիոյ կառավարութեան պաշտօնաթերթին մէջ (Resmi gazete): Նախօրէին Սերտար Քըլըչ հանդիպում ունեցած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար, բանակի սպայ Հուլուսի Աքարին հետ: Այդ մասին յայտնած էր Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութեան կայքը՝ զերծ մնալով հանդիպումի օրակարգին մասին որեւէ տեղեկութիւն հրապարակելէ: Յիշեցնենք, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ Հայաստանի կողմէն նշանակուած յատուկ բանագնացը Ազգային Ժողովի նախագահի տեղակալ Ռուբէն Ռուբինեանն է։