82 տարեկանին կեանքէն հեռացաւ մեր ժամանակներու մեծանուն բանաստեղծը՝ Ռազմիկ Դաւոյեան։ 60-ականներուն՝ իր առաջին իսկ հրապարակումներով, Ռազմիկ Դաւոյեան փաստեց, որ գրական ասպարէզ մտած է արեգակնային շռայլութեան բանաստեղծ մը։ Ան չէր տեղաւորուած Հայրենիք կամ սէր երգող մեզի ծանօթ կարծրատիպերու մէջ, եւ, այդուհանդերձ, անոր գրիչը կը բխէր հայ գրականութեան ամենազուլալ ու լուսեղէն ակունքներէն, անոր բանաստեղծութիւնը Հայաստան-հայրենիքի հետ նոյնացման մանիֆեսթ էր ու իր ազնուական արմատին անմնացորդ երկրպագութիւն։ Տակաւին Խորհրդային շրջանին Ռազմիկ Դաւոյեան ամենաշատ տպագրուող, թարգմանուող, նաեւ Սփիւռքի մէջ հրատարակուող հայ բանաստեղծ էր, սակաւ ընտրեալներէն մէկը։ Իր գրական գործունէութեան վաթսունամեայ ճանապարհին Ռ. Դաւոյեան ստեղծագործած է գրական տարբեր ժանրերով, ունեցած է քառասունը անցնող հրատարակութիւններ եւ ամէնուր մնացած է «մեր ամէն ցաւերը իր ուսին առած» փիլիսոփա-բանաստեղծ։ Ռազմիկ Դաւոյեան մեծ բանաստեղծին զուգահեռ, մեր կողքին ապրեցաւ Հայրենիքի անկախութեան նուիրեալը, քաղաքացին, մտաւորականը, դաշնակցականը, որ երբեք չդաւաճանեցաւ իր հաւատամքին, սկզբունքներուն, սեփական ճշմարտութեան։ Երբեք չընճկուեցաւ ու չնահանջեց մեր ցաւը ճանաչող եւ այդ ցաւով ապրող բանաստեղծը. այդ ցաւէն ու տագնապներէն ծնաւ անոր հրապարակախօսութիւնը։ Ան հաւատարիմ մնաց գրող-քաղաքացի՝ Ճանապարհ ցոյց տուողի իր առաքելութեան։ Ռ. Դաւոյեան նախ եւ առաջ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ է, մեր մեծ ժամանակակիցը, եւ անոր գրականութիւնը զինք արդէն դարձուցած է յաւերժի ճամբորդ: Կը ցաւակցինք Ռ. Դաւոյեանի ընտանիքին, հարազատներուն, ընթերցողներուն։ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմին 12.01.2022