Առանց որեւէ նախապայմաններու Թուրքիոյ հետ բանակցութիւններու ուղղուելու Հայաստանի իշխանութիւններուն պնդումները ընդդիմադիրներուն վստահութիւն չեն ներշնչեր: Ընդգծելով, որ այդ նախապայմաններուն մասին յստակօրէն խօսած են Թուրքիոյ նախագահն ու արտաքին գործոց նախարարը` «ազատութիւն» ռատիոյի «Կիրակնօրեայ Վերլուծական Հրայր Թամրազեանի Հետ» հաղորդման ընթացքին ՀՅԴ-ի անդամ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան յայտարարեց. «Պիտի չհանդուրժենք Հայաստանի իշխանութիւններուն քայլերուն եւ թոյլ պիտի չտանք Փաշինեանին` հրաժարելու մեր անօտարելի իրաւունքներէն»: «էրտողան առաջ մղած էր չորս նախապայման` Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութեան ճանաչում, Ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման եւ հետեւանքներու վերացման արշաւի դադրեցում, Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ընդունում եւ Թուրքիոյ ու թրքական աշխարհի միջեւ ցամաքային միջանցքի տրամադրում Հայաստանի տարածքին միջոցով: Այս մասին խօսած է նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը` Չաւուշօղլուն: Այս պայմաններուն մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան կմկմացող, ոչ-հաստատակամ պնդումները, իբրեւ թէ առանց որեւէ նախապայմաններու մենք պիտի սկսինք բանակցութիւններ, մեզ համար որեւէ վստահութիւն չեն ներշնչեր: Եւ այսօր ալ մենք կը յայտարարենք, որ պիտի չհանդուրժենք այն քայլերը, զորս կը ձեռնարկեն Հայաստանի իշխանութիւնները, եւ մենք պատրաստ ենք, կարելի բոլոր միջոցներով, Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ նոյն շարժումը ծաւալել, որպէսզի թոյլ չտանք, որ Նիկոլ Փաշինեան հրաժարուի մեր անօտարելի եւ անժամանցելի իրաւունքներէն», յայտարարեց Խաչատրեան: Մանրամասնութիւնները` տեսանիւթին մէջ: