Լոյս տեսած է «Վէմ» համահայկական հանդէսի 2021-ի վերջին՝ 4-րդ թիւը՝ 339 էջ ծաւալով ու հարուստ բովանդակութեամբ։ «Փանթուրքական Խորհրդանիշներու Գաղտնիքը» վերտառութեամբ խմբագրականով փորձ կատարուած է վերլուծելու եւ ամփոփելու 2021_ի ընթացքին Թուրքիոյ ղեկավարութեան եւ Ատրպէյճանի ու Ղազախստանի ղեկավար դէմքերու բացայայտ կամ քօղարկուած քայլերը, որոնք կը միտէին համաթուրքական կառոյցներու ձեւաւորման եւ ամենակարեւորը՝ «Զանգեզուրի միջանցք»ի բացումին։ Խմբագրականը կը բացայայտէ այն իրողութիւնը, որ ինչպէս 44-օրուան պատերազմի ընթացքին, 2021-ին եւս այդ քայլերը ճշգրտօրէն կը համընկնին փանթուրքիստներու համար խորհրդանիշներ համարուող յոբելեանական տարեթիւերուն։ Ուստի անոնց խորքային իմաստներուն տեղեակ ըլլալով՝ ապագային կարելի է խուսափիլ նոր անակնկալներէ։ «Վէմ»-ի 2021_ի վերջին՝ 4-րդ թիւին մէջ մեծ տեղ յատկացուած է պատմական այն կարեւոր իրադարձութիւններու գիտական քննութեան, որոնք Հայաստանի ներկայ քաղաքական իրավիճակի կրկնակի աղաւաղման կ’ենթարկուին՝ բեկուելով հակադիր քաղաքական արեւելումներու ոսպնեակներու մէջ։ Առաջնորդուելով ճշմարտութեան բացայայտման նպատակադրումը ճշգրտող «ինչպէ՞ս եղած է իրականութեան մէջ» սկզբունքով՝ «Վէմ»-ի յօդուածագիրները այդ ուղղութեամբ փորձած են բացայայտել Հայաստանի Հանրապետութեան հանդէպ 1919-1920_ի ԱՄՆ-իմ որդեգրած քաղաքական դիրքորոշումները (Արմենուհի Վ․ Ղամբարեան), 1921_ի Կարսի պայմանագիրի ստորագրման ու գործադրման ընթացակարգերը (Արմէն Ց. Մարուքեան) եւ այլ վիճելի հարցեր։ Նման մօտեցումը այսօր քարոզչական նպատակներով աղաւաղուող ոչ վաղ անցեալի իրական պատկերը վերականգնելու նախապայմանն է։ 2021_ին իր վերջին թիւին մէջ «Վէմ» հանդեսը տեղ յատկացուցած է միշտ իր յատուկ ուշադրութեան կեդրոնը եղող այնպիսի նիւթեր, ինչպիսիք են «սփիւռք» ուրոյն երեւոյթի քննութիւնը (Հրածին Վ. Վարդանեան), հայ-քրտական յարաբերութիւններու անյայտ էջերը (Արամ Ս. Սայիյեան) և այլն։ Շարունակուած է նաեւ մեր նոր սերունդի աշխարհայեացքի ձևաւորման համար կարեւորագոյն նշանակութիւն ունեցող՝ հերոսներու պաշտամունքի ու հերոսականութեան գիտական ուսումնասիրութեան հիմքերը դրած Թոմաս Քարլայլի կոթողային աշխատութեան համակողմանի քննութիւնը (Գէորգ Ա. Ճաղարեան)։ «Վէմ» հանդէսի 2021_ի 4-րդ թիւին մէջ տեղ գտած են նաեւ այլ ուշագրաւ հրապարակումներ։