Տարեթիւիս 27 Յունուարին տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Երիտասարդականի եւ Շուէտի (SSU) երիտասարդական կազմակերպութիւններու միջեւ առցանց հանդիպում։ ՀՅԴ երիտասարդականը կը ներկայացնէին ընկերներ՝ Սարին Գազանճեան (Շուէտէն), Սարինէ Աբրահամեան (Հոլանտայէն, Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան փոխնախագահ) եւ Արշակ Մեսրոպեան (Հայաստանէն, ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակ)։ Հանդիպումը կը նպատակադրէր երկկողմ յարաբերութիւններու առաւել ամրապնդում եւ փոխշահաւէտ համագործակցութեան հաստատում։ Հանդիպման ընթացքին կողմերը ներկայացուցին իրենց օրակարգային առաջնահերթութիւնները եւ զրուցեցին համագործակցութեան եզրեր գտնելու կարելիութիւններու մասին։ ՀՅԴ երիտասարդականի ներկայացուցիչները ներկայացուցին կազմակերպութեան դէմ ծառացած եւ վերջին տարուան ընթացքին դիմագրաւուած մարտահրաւէրները, ՀՅԴ Երիտասարդական և Ուսանողական Միութիւններու նախաձեռնութեամբ Սիւնիքի մէջ իրագործած ծրագիրները և Արցախեան 44 օրեայ պատերազմի հետեւանքներու վերացման աշխատանքները: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ տարածաշրջանը ապակայունացնող թուրք-ատրպէճանական քաղաքականութեանը։ Երկուստեք համաձայնեցան նման հանդիպումներ պարբերաբար իրականացնել եւ կողմերու ներուժը համախմբել համատեղ ծրագրեր մշակելու նպատակով։ Յիշեցնենք, որ ՀՅԴ երիտասարդականն ու Շուէտի ընկերվարական երիտասարդական կազմակերպոութիւնները՝ Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան (IUSY) լիիրաւ անդամներ են։

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակ

29 Յունուար 2022