ՀՅԴ անդամ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան 31 Յունուարին Հայելի ակումբին մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին խօսած է ՀՀ Բանակի 30-ամեակին, հայ-թրքական յարաբերութիւններու, Չաւուշօղլուի յայտարարութիւններուն, ԵԽԽՎ նախագիծին եւ անոր շուրջ ստեղծուած իրավիճակին մասին։ Խաչատրեանի դիտարկումին համաձայն, Արցախի եւ Հայաստանի մէջ յստակօրէն կայ հակասական գործընթաց։ «Խայտառակ պատերազմէն վերջ Հայաստանի իշխանութիւնները, եթէ իրենց կարելի է իշխանութիւն կոչել, փոխանակ փորձեն աւելի մեծցնել կապը Արցախի հետ, ամեն ձեւով Արցախէն իրենց ձեռքերը կը լուան։ Երբ կ’երթաս Արցախ, կը խօսիս մարդոց հետ, իրենք կը տեսնեն, որ կապը Հայաստանի հետ քիչ-քիչ կը կտրուի։ Նոր ճամբայ արդէն սկսած է կառուցուիլ, կամ գոնէ կը փորձեն գտնել, թէ ուրկէ պէտք է ճամբան անցնի։ Ես քանի մը ամիս առաջ այդ հարցը տուի ԱԺ-կառավարութեան հարց ու պատասխանի ընթացքին, իրենք ըսին, որ չէ, որեւէ գործընթաց չկայ, բայց հիմա կը տեսնենք, որ արդէն կը փորձեն տեսնել, թէ ճամբան ուրկէ պէտք է անցնի»։ Պատգամաւորին համաձայն, Ատրպէյճան Արցախի շուրջ նոր ճամբաներ եւ այլ ենթակառուցուածքներ կառուցած է եւ եթէ Հայաստանի քաղաքականութիւնը չփոխուի, ապա օրէցօր Արցախի հետ կապը պիտի կտրուի։ «Ներքին եւ արտաքին թշնամիները շատ արագ կ’աշխատին եւ այս իշխանութիւնները ոչ միայն բարեկեցութեան եւ անվտանգութեան, այլեւ գոյութեան խոչընդոտ են, փոխանակ ըսեն, որ յոյսը չէ կորսուած, բանակը հզօրացնեն, Արցախի հետ կապը ուժեղացնեն, կը փորձեն սորվեցնել մարդոց համակերպիլ, որ ամէն ինչ կորսուած է», ըսած է Խաչատրեան։ Անդրադառնալով հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման՝ ԱԺ ընդդիմադիր պատգամաւորը տեղեկացուց, որ այդ ուղղութեամբ Սփիւռքի մէջ գործողութիւններ կը նախատեսուին: Անոր խօսքին համաձայն, ՀՀ իշխանութիւնները արտասահմանեան այցելութիւններու ընթացքին չեն յարաբերիր սփիւռքի հետ, խօսելով անոնց վատ տրամադրուածութեան մասին։ «Ինչո՞ւ Հայաստան հիմնադրամի դրամահաւաքը չըրին, որովհետեւ հասկցան`Սփիւռքը ինչպէս կը վերաբերի այս իշխանութիւններուն, յատկապէս Հիմնադրամի միջոցներու շատ կասկածելի օգտագործումէն վերջ», ըսած է պատգամաւորը։ Անդրադառնալով ներքաղաքական գործընթացներուն՝ Արթուր Խաչատրեան տեղեկացուց, որ դաշինքը մարզային այցելութիւններ կը կազմակերպէ, հասարակութիւնը կը պատրաստէ փողոց հանելու համար: «Անիկա մեր վերջին փամփուշտն է, պարապ օդ կրակելու իրաւունք չունինք, փողոցային պայքարի համար այս պահու հող կը նախապատրաստուի», յայտնեց պատգամաւորը եւ ընդդիմութեան չէզոքութիւնը մեղադրողներուն առաջարկեց մտածեն, թէ իրենք ի՞նչ ըրած են եւ իրենց լարերը ուր կը տանին։