Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ ԱՄՆ_ի աւելի քան 52 քոնկրեսականէ բաղկացած երկկուսակցական խումբը միացած է Քոնկրեսի հայկական հարցերու յանձնախումբի համանախագահ Ֆրենք Փալօն եւ Գաս Պիլիրաքիս՝ ԱՄՆ Պետական քարտուղարութենէն եւ Պաշտպանութեան Նախարարութենէն պահանջելով արգելափակել չորրորդ սերունդի F-16 կործանիչներու եւ արդիականացման սարքաւորումներու վաճառքը Թուրքիոյ: 4 Փետրուարին պետական քարտուղար Էնտոնի Պլինքընին եւ պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթինին ուղղուած նամակին մէջ ըսուած է. «Մենք խստորէն կոչ կ’ուղղենք մերժելու Թուրքիոյ խնդրանքը՝ նոր F-16-երու եւ արդիականացման սարքաւորումներու մասին, եւ անյապաղ միջոցներ ձեռնարկելու՝ Էրտողանի վարչակարգը պատասխանատուութեան ենթարկելու համար: Միացեալ Նահանգներ պէտք չէ հետագային որեւէ աջակցութիւն ցուցաբերէ Թուրքիոյ զինեալ ուժերուն, որովհետեւ տակաւին նախագահ Էրտողան շօշափելի քայլեր չէ ձեռնարկած՝ դադրեցնելու իր ապակայունացնող գործողութիւնները եւ միջազգային իրաւունքի խախտումները երկրի եւ արտերկրի մէջ»: Նամակին մէջ շեշտուած է՝ նախադէպը ցոյց կու տայ, որ Էրտողան չի փոխէ իր վարքագիծը, որովհետեւ տակաւին ԱՄՆ-ը չէ օգտագործած իր դիւանագիտական բոլոր գործիքներն ու տնտեսական նպատակային պատժամիջոցները: Պայտընի վարչակազմին ուղղուած նամակը ստորագրած են քոնկրեսականներ Ճէյք Օչինքլոս, Թոնի Քարտենաս, Ճուտի Չուն, Տեյւիտ Սիսիլին, Ճիմ Քոսթան եւ այլք: